Քաղաքական եւ ընկերային կացութիւնը 1945-1970 տարիներուն

Քաղաքական եւ ընկերային կացութիւնը 1945-1970 տարիներուն, սփիւռքահայութիւնը Բ. Աշխարհամարտէն ետք Արեւմուտքի մէջ կը դարմանէ իր վէրքերը՝ մասնակցելով վերակառուցման ընդհանուր ճիգին։ Քաղաքական վերիվայրումներու բերումով, արեւելա-եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ յարած են խորհրդային պլոքին, անոնց հայ գաղութները իրենց կարգին կ՛առանձնանան մնացեալ «Սփիւռք»էն, միւս կողմէ՝ առանց Հայաստանի հետ նոր սերտ կապի մը։

Հայերը աշխարհի երկրներում (տոկոսով)

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծայր տուող քաղաքական բախումները, վարչակարգերու անկայութութիւնն ու հետեւող անապահովութիւնը՝ պատճառ կը դառնան դէպի Արեւմուտք նոր գաղթերու։ Ասոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 60-ականները եւ աւելի անդին։

Գաղթերը կը տկարացնեն արեւելեան «Սփիւռք»ը, նոր արիւն բերելով մէկտեղ արեւմտեան «Սփիւռք»ի հայութեան այդ ալ՝ գաղթողներու մեկ որոշ համեմատութեամբ, մինչ կարեւոր թիւ մը անոնցմէ՝ կ՛օտարանայ բաւական արագ...

Փոքր Հայաստանը, Բ. Աշխարհամարտէն մարդկային ծանր կորուստներով դուրս գալէ ետք, կը ջանայ դարմանել բնակչային իր նուազումը «Սփիւռք»էն մեծաթիւ ներգաղթով մը (1946-47), որ ի վերջոյ փոքր չափով միայն պիտի համապատասխանէ ազգային ձգտումներուն։

Սակայն Ստալինի մահէն ետք, քաղաքական ճնշումի մթնոլորտը պիտի թեթեւանայ, եւ 60-ականներու սկիզբը պիտի նշուի աւելի զգալի վերադարձ մը համահայկական ներշնչումներու։

Աղբիւր Խմբագրել

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 230: