Քանատայի Դիմանկարներու Պատկերասրահ
Քանատայի Դիմանկարներու Պատկերասրահ (անգլ.՝ Portrait Gallery of Canada), Քանատական արուեստի հաւաքածոյ՝ մասնագիտացած դիմանկարչութեան մէջ։ Հիմնադրուած է 23 Յունուար 2001-ին Քանատայի կառավարութեան կողմէ՝ իբրեւ Քանատայի գրադարաններու եւ արխիւներու ծրագիր, Օթթաուայի Ամերիկեան դեսպանատան նախկին շէնքին մէջ:
Քանատայի Դիմանկարներու Պատկերասրահ | |
---|---|
Տեսակ | Պատկերասրահ եւ Ազգային թանգարան |
Երկիր | Քանատա |
Տեղագրութիւն | Օնթարիօ |
Հիմնադրուած է | 2001 |
45°25′22″N 75°41′55″W / 45.4229°N 75.6987°W | |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԺԹ. դարէն ի վեր Գրադարանը հաւաքած է նկարներու եւ դիմանկարներու մեծ հաւաքածոյ մը, որոնցմէ գրեթէ բոլորը կը պահուին Քեպեքի Գատինօ քաղաքին արխիւներուն մէջ։
2001-ին, հաւաքածոն ընդմիշտ Օթթաուա եւ Օնթարիօ տեղափոխելու հրաման մը կ'արձակուի, իսկ նախնական տուեալները կոչ կ'ընեն անոր բացումը 2004-2005 թուականներուն կատարել, բայց այդ մէկը մինչեւ օրս տակաւին չէ գործադրուած։
Գրադարանը իր արխիւներու հաւաքածոյով կը շարունակէ համագործակցիլ Քանատայի թանգարաններու, պատկերասրահներու եւ այլ հաստատութիւններու հետ[1]։
Թէեւ նոր պատկերասրահ մը պիտի ստեղծուէր Օթթաուայի մէջ այս հաւաքածոյով, սակայն Քանատայի դիմանկարներու պատկերասրահը հանրութեան կը ներկայացնէ իր հաւաքածոն շրջիկ ցուցահանդէսներու ընդմէջէն։
Անոր «Դիմանկարները փողոցներու մէջ» շարքը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ Քանատայի քաղաքներուն, ներառեալ Օթթաուայի, Քեպեքի եւ 2010-ին՝ Վանքուվըրի մէջ։
Մինչեւ 2006, Օթթաուայի Ուելինկթըն-սթրիթ փողոցին թիւ 100 հասցէին վրայ գտնուող ամերիկեան դեսպանատան նախկին շէնքին մէջ վերանորոգման եւ կառուցապատման աշխատանքներ տարուած են։ Կ'ենթադրուէր, որ այդ շէնքը աւարտին հասցնելէ ետք, 2007-ին պատկերասրահի հաւաքածոն հոն պիտի ցուցադրուէր։ Սակայն 2006-ին նախագիծը կը դադրի պահպանողական կառավարութեան կողմէ, որ կը կարծէր, թէ թանգարանը պէտք է տեղակայուէր Կալգարիի մէջ եւ նիւթական օժանդակութիւն ստանար Էնկամա ընկերութեան կողմէ։
Էնկամայի հետ բանակցութիւններ տեղի կ'ունենան թանգարանին կարգ մը ցուցանմուշները իրենց ընկերութեան գրասենեակին աշտարակին մէջ ներառելու գծով[2]։ Յունիս 2007-ի դրութեամբ, լրացուցիչ պատկերասրահային տարածքին շինարարութիւնը տակաւին չէր սկսած[3], եւ երկու շաբաթ ետք Էնկամա կը յայտարարէ, որ պատկերասրահը պիտի չտեղափոխուի Կալգարիի իրենց նոր գրասենեկային աշտարակը[4]։
Հաւաքածոն այլ առեւտրական ընկերութիւններու յատուկ վայրերուն մէջ ցուցադրելու համար տեղի ունեցող մրցակցութիւնը յայտեր կը ստանայ Էդմոնտօնէն, Կալգարիէն եւ Օթթաուայէն, բայց այդ մրցոյթը կը չեղարկուի Նոյեմբերի 2008-ին։ Օթթաուայի սահմաններէն դուրս պատկերասրահ տեղադրելու գաղափարը կը յանգեցնէ Սենատի դժգոհութեան, որ եւ անօրինական կը դարձնէ Օթթաուայի սահմաններէն դուրս պատկերասրահի տեղափոխումը[5]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Services Government of Canada, Library and Archives Canada, Programs Branch, Web Content and։ «What's new»։ www.collectionscanada.gc.ca։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 8, 2018
- ↑ "EnCana in talks for national gallery: Private funds could bring portrait museum to Calgary;" Theresa Tayler. Calgary Herald. Calgary, Alta.: Dec 6, 2006.
- ↑ «CBC.ca Arts - Portrait gallery project delayed»։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 8, 2018
- ↑ «CBC.ca Arts - National gallery not coming to Calgary building: EnCana»։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 8, 2018
- ↑ Edmonton in bidding for portrait gallery Archived 2012-11-04 at the Wayback Machine.
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Portrait Gallery of Canada homepage Archived 2010-02-24 at the Wayback Machine.
- On-line Portrait Portal (search)