Քացախ, գիտնականներու կատարած երկարատեւ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ խնձորը եւ խնձորէն պատրաստուած քացախը օժտուած են շարք մը օգտակար յատկութիւններով, որոնց շնորհիւ ալ լայնօրէն կը կիրարկուին ոչ աւանդական բժշկութեան մէջ։ Մասնագէտները խորհուրդ կու տան խնձորի քացախը օգտագործել ուռուցքներու յառաջացումը կանխելու, մարսողութիւնը բարելաւելու համար, իսկ տաք քացախաջուրը կը խմեն թունաւորումներու պարագային։

Խնձորի քացախին բուժիչ յատկութիւնները Խմբագրել

  • Կը կանխարգիլէ կրիփը[1]:
  • Կը դարմանէ բերնի բորբոքումները:
  • Կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
  • Կը դարմանէ սիրտխառնուքը:
  • Կը պակսեցնէ կլիւքոզի քանակը շաքարախտաւորներուն մօտ:
  • Կը դարմանէ գլխացաւը:
  • Կը պակսեցնէ արեան գերճնշումը:
  • Կը պակսեցնէ քոլեսթերոլը:
  • Կը սպաննէ քաղկցեղային բջիջները, կը դանդաղեցնէ անոնց բազմացումը:
  • Կը բուժէ լայներակութիւնը (վարիս):
  • Ճաշի ժումերէն առաջ խնձորի քացախի մէջ թաթխուած կտոր մը հացը ախորժակը կը սահմանափակէ:
  • Մարմինին դիմադրողականութիւնը կը զօրացնէ:
  • Մկանային ցաւերը կը թեթեւցնէ:
  • Կը դարմանէ յոգնածութիւնը:
  • Կը չէզոքացնէ բերնի գէշ հոտը:

Ճերմակ քացախի գործածութեան տարբերակներ Խմբագրել

Ճերմակ քացախը շատ հինէն ծանօթ է մարդկութեան: Քրիստոսէ 5000 տարի առաջ բաբելոնացիները զայն կը գործածէին իբրեւ մաքրութեան միջոց: Ներկայիս, ճերմակ քացախը կ'օգտագործուի կերակուրներու պատրաստութեան մէջ, բայց նաեւ իբրեւ հականեխիչ մաքրութեան միջոց:

  • Ճերմակ քացախի միջոցով կարելի է մաքրել բոլոր տեսակի կպչուն պիտակները:
  • Ջուրի հետ լուծած ճերմակ քացախ սրսկելով կահոյքին վրայ` կարելի է կատուները հեռու պահել, քանի որ անոնք չեն ախորժիր քացախի հոտէն: Այսպիսով, կահոյքը կը փրկուի կատուին ճանկերէն:
  • Ծաղկամանին մէջ երկու ապուրի դգալ շաքար լուծելով եւ երկու ապուրի դգալ ճերմակ քացախ աւելցնելով ծաղկեփունջը աւելի երկար կ'ապրի:
  • Ճերմակ քացախով շատ լաւ կը մաքրուին տան ապակիները:
  • Աղով եւ ճերմակ քացախով կարելի է մաքրել գորգին վրայի բոլոր տեսակի արատները:
  • Ճերմակ քացախը կը մաքրէ, կը սպիտակեցնէ եւ կը փափկացնէ լուացքը: Զայն կարելի է օգտագործել բոլոր տեսակի լուացքի մեքենաներուն պարագային:
  • Ճերմակ քացախը թէ՛ կը հականեխէ եւ թէ՛ կը փայլեցնէ տախտակամածը (փարքէ):
  • Ջուրի մէջ լուծուած ճերմակ քացախով կարելի է լուալ եւ հականեխել պտուղները, բանջարեղէններն ու կանաչեղէնները[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել