Քունի Շնչադադար
Քունի շնչադադարը կը պատահի առանց սեռի խտրութեան եւ ընդհանրապէս տարեցներու եւ երիտասարդներու մօտ, սակայն երբեմն կը տեսնենք նաեւ երեխաներու մօտ:
Ախտապատճառներ
ԽմբագրելՈւղեղային Կեդրոնական Պատճառներ
ԽմբագրելՈւղեղային որոշ հիւանդութիւններ կրնան խանգարել ուղեղի շնչառական համակարգի գործունէութիւնը եւ ժամանակաւոր շնչադադար կը յառաջացնեն:
Շնչառական Համակարգի Որոշ Բաժիններու Մասնակի Խցում
ԽմբագրելՏարբեր ձեւեր կան, օրինակ, երբ անձը քիթի խցում կ'ունենայ, խոշոր գեղձուռոյցներ եւ նշագեղձեր, կոկորդի զանազան տեսակի ուռեր, թոյլ մկանային քիմք, մեղցած լեզուակ, լեզուի յետսամասի ուռեր, ետեւ քաշուած ծնօտ, խոշոր լեզու, գիրութիւն եւ մեծցած վահանգեղձ. այս բոլորը պատճառ կը դառնան շնչարգելութեան:
Քունի շնչադադարութիւն կը կատարուի երբ ուղեղը իր պէտք ունեցած թթուածինը չ'ստանար: Այս պարագային հիւանդը խոր քունէն կ'անցնի թեթեւ քունի, ուղեղի շնչառական կեդրոնը կը գրգռուի եւ շնչառութիւնը կը վերսկսի խռկալով: