Քոքա-Քոլա
Քոքա-Քոլա (անգլ.՝ Coca-Cola), կազաւորուած խմիչք։
Արտադրողը «The Coca-Cola Company» ընկերութիւնն է։
Interbrand-ի տուեալներով՝ 2005-2011 թուականներուն Քոքա-Քոլան աշխարհի ամէնէն արժէքաւոր եւ փնտռուած վաճառանիշը դարձած է Apple-էն եւ Google-էն ետք։
Անիկա ներկայիս կը վաճառուի 200 երկիրներու մէջ։
Յայտնաբերումը
Խմբագրել1886-ին Աթլանթացի (Ճորճիա նահանգ) բժիշկ եւ դեղագործ Ճոն Փեմպըրթըն հարաւ-ամերիկեան քոքա բոյսին տերեւներուն հիւթէն եւ թարմացնող յատկութիւններ ունեցող ափրիկեան քոլա ընկոյզէն խմիչք մը կը պատրաստէ, որ հաճելի համ մը ունէր։ Ըստ իրեն, անիկա կրնար օգնել յոգնութենէ, ճնշումէ եւ ատամնացաւէ տառապող մարդոց[1]։
Ան այս խմիչքին համար նեարդային խանգարումներու եւ սեռային անկարողութիւններու դէմ իբրեւ դեղ օգտագործելու արտօնագիր կը ստանայ 1886-ին:
Սկիզբը խմիչքը կը կը վաճառուի հինգ սենթով՝ Աթլանթա քաղաքին «Ճեքոպա» մեծ դեղատան մէջ։
Իսկ Քոքա-Քոլա կազաւորուած խմիչքը կը յառաջանայ շփոթի մը իբրեւ արդիւնք։Խմիչքը խառնելու ընթացքին, վաճառողը ծորակները շփոթելով, սովորական ջուրի փոխարէն կը լեցնէ կազայինը։ Ստացուած խառնուրդէն կը գոյանայ Քոքա-Քոլան, որուն անունը կը հնարէ Փեմփըրթընին հաշուապահը:
Բաղադրութիւնը
Խմբագրել«Դասական» Քոքա-Քոլային բաղադրութիւնն է.
- Շաքար
- Ներկանիւթ E150
- Օրթոֆոսֆորական թթու E338
- Քաֆէին
- Բնածուխի երկթթուակ E290:
- Հիմնական բաղկացուցիչ տարրերը կը կազմէին քոքա բոյսին տերեւները (որոնցմէ կը ստանային քոքայինը) եւ արեւադարձային քոքա ծառին ընկոյզը։
Քոքայինը այդ օրերուն արգիլուած չէր եւ անոր վնասներուն մասին դեռ ոչինչ գիտէին։ Այդ պատճառով ալ քոքայինը ազատ կը վաճառուէր, եւ յաճախ ալքոլի փոխարէն կ'աւելցնէին խմիչքին մէջ՝ տրամադրութիւն բարձրացնելու համար։
Արդիւնաբերութիւնը կը զարգանայ 1916-ին, երբ կը յայտնաբերուի Քոքա-Քոլային հիմնական շիշը։
Հետաքրքրական փաստեր
ԽմբագրելԱյս խմիչքը սկիզբը մեծ յաջողութիւն չի գտներ. միջին հաշուով օրական 9 հոգի կը գնէր զայն։ Առաջին տարին կը վաճառուի ընդամէնը 50$ արժողութեամբ Քոքա-Քոլա: Արտադրութեան վրայ կը ծախսուի 70$, իսկ գովազդին վրայ՝ 7996$, այսինքն՝ առաջին տարին արտադրողը վնաս կը կրէ: Սակայն հետզհետէ վաճառքէն ստացուած եկամուտը կ'աւելնայ։
1888-ին Փեմպըրթըն խմիչքին արտադրութեան իրաւունքը կը ծախէ։ Իսկ 1892-ին առեւտրական գործակալ Ասա Կրիկս Քենտլըր (Asa Griggs Candler) կը հիմնէ «The Coca-Cola Company» ընկերութիւնը, որ կը սկսի զբաղիլ Քոքա-Քոլայի արտադրութեամբ։
Սակայն 1890-ի վերջաւորութեան, մարդկութեան կարծիքը քոքայինի մասին կը փոխուի, իսկ 1903-ին «New York Tribune» թերթին մէջ յօդուած մը կը հրապարակուի, ուր կ'ըսուի, թէ Քոքա-Քոլա խմող սեւամորթները կը յարձակին սպիտակամորթերուն վրայ։ Այնուհետեւ Քոքա-Քոլային մէջ օգտագործուած քոքայինի թարմ տերեւներուն փոխարէն, կը սկսին օգտագործել հեղուկ մը, որմէ հանուած էր ամբողջ քոքայինը։ Այդ օրէն սկսեալ Քոքա-Քոլային արտադրութիւնը աճ կ'արձանագրէ։
Ժամանակագրութիւն
Խմբագրել- 1894-ին Քոքա-Քոլան կը սկսի շիշերով վաճառուիլ ։
- 1899-ին Չաթանուկայէն (Chattanooga) երկու փաստաբաններ՝ Ժոզէֆ Ուայթհետ եւ Բենիամին Թոմաս, Աթլանթա կ'երթան՝ Քոքա-Քոլան շիշերու մէջ լեցնելու իրաւասութիւնը ստանցնելու համար[2]:
- 1915-ին ծրագրող Թերրի Օտայի (Ինտիանա նահանգ) հնարած շիշով Քոքա-Քոլան (120 հազար տոլար դրամագլուխով) կը դառնայ ԱՄՆ-ի ամէնէն յայտնի խմիչքը։
- 1916-ին 153 դատ կը բացուի վաճառանիշին նմանակը ստեղծողներուն, ինչպէս՝ Fig Cola-ի, Candy Cola-ի, Cold Cola-ի, Cay-Ola-ի եւ Коса Nola-ի դէմ:
- 1955-ին Քոքա-Քոլան կը սկսի վաճառուիլ 10, 12 եւ 26 մլ. տարողութեամբ շիշերով։
- 1982-ին կ'արտադրէ Diet Coke-ը։
Հետագային, մրցակից ընկերութիւններու պատճառով, որոնք առանց քաֆէինի եւ առանց շաքարի խմիչքներ կ'արտադրէին, ընկերութիւնը կը սկսի արտադրել հետեւեալ տեսակները՝
- Դասական Քոքա- Քոլա (Classic Coke),
- Նոր Քոքա (New Coke),
- Կեռասով Քոքա (Cherry Coke),
- Սննդականոնի հետեւողներու Քոքա (Diet Coke),
- Քաֆէինէ զերծ Քոքա (Caffeine-Free New Coke),
- Կասիայով Քոքա (Coca-Cola Cinnamon) (2019)[3]:
Ազդեցութիւնը օրկանիզմին վրայ
ԽմբագրելՔոքա-Քոլան օրկանիզմին վրայ ունի խիստ բացասական ազդեցութիւն.
- Ստամոքսի հետ կապուած հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար արգիլուած է խմել զայն։
- Ըմպելիքը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ շաքար, որուն պատճառով կ'արգիլուի խմել շաքարային հիւանդութիւններ ունեցողներուն։
- Քոքա-Քոլան օրկանիզմէն դուրս կը մղէ կրածինը։
- Անոր շարունակական օգտագործումը կը վնասէ երիկամներուն։
- «Քոքա-Քոլա»յին մէջ նաեւ կ'օգտագործուի քաֆէինը, որ խթանիչ ազդեցութիւն ունի նեարդային համակարգին վրայ: Անոր ազդեցութիւնը կ'արագացնէ սիրտին աշխատանքը եւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը, բայց 3-6 ժամ ետք քաֆէինին ազդեցութիւնը կ'անցնի, անոր կը փոխարինէ յոգնածութիւն, թուլութիւն, աշխատունակութեան կարողականութեան անկում եւ ճնշուածութիւն[4]: Առատ քաֆէին պարունակող կազաւորուած խմիչքները կրնան քաղցկեղի որոշ տեսակներ, անքնութիւն եւ արեան ճնշում պատճառել:
- «Ամերիքըն ասոսիէյշըն ֆոր քենսըր ռիսըրչ»-ի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, կազաւորուած խմիչքներու չարաշահումը 87 առ հարիւրով կը բարձրացնէ պանկրէասի քաղցկեղի հաւանականութիւնը:
Քոքա-Քոլային Վնասները
Խմբագրել- Քիմիական քննութիւնները ցոյց կու տան, որ կազային բաղադրութիւններով լեցուն այս խմիչքին մէջ կայ օրթոֆոսֆորային թթու, որ սնունդի արդիւնաբերութեան մէջ թոյլատրուած է կիրառել՝ E338 սննդային յաւելումներու անուան տակ: Փորձ-քննութեան մը ընթացքին, օրթոֆոսֆորային թթուին մէջ տեղադրած են մարդկային ատամ մը, որ որոշ ժամանակ մը ետք քայքայուած ու փճացած է:
- «Քոքա-Քոլա»յի բաղադրութեան մէջ կը մտնէ նաեւ Ազորուպինը (Azorubine) եւ Քարմաուզինը (Carmoisine)՝ արհեստական ներկերու նիւթեր, որոնք ծանօթ են E122 եւ E124 անուններով: Ըստ եւրոպացի հետազօտողներու, այս նիւթերը կը վնասեն երիկամներու կեղեւային շերտին:
- «Քոքա-Քոլա»յին մէջ կայ մեծ քանակութեամբ շաքար։ Մէկ գաւաթին մէջ՝ 5 թէյի դգալ: Շատերը կ'ըսեն, թէ «Տայէթ Քոքա-Քոլա»ները առանց շաքարի են, սակայն այս տարբերակները եւս ունին սննդային յաւելում՝ E951 Ասբարդամ (Aspartame): 2005-ին իտալացի գիտնականները անասուններուն վրայ փորձարկած են Ասբարդամը, եւ ի յայտ եկած է, որ այդ նիւթը պատճառ կը դառնայ քանդիչ ուռուցքներու գոյացման: «Տայէթ»ները նոյնիսկ չեն օգներ նիհարնալ փափաքողներոուն, որովհետեւ Ասբարդամը բարձր ախորժակ կը հրահրէ:
Հակառակ այս բացայայտ վնասներուն, «Քոքա-Քոլա»ն եւ նմանօրինակ զովացուցիչներ կը մնան աշխարհի ամէնէն յայտնի եւ փնտռուած ըմպելիքներէն:
Քոքա-Քոլան իբրեւ մաքրող միջոց
ԽմբագրելՔոքա Քոլան բաղկացած է կարգ մը քիմիական նիւթերէ, որուն պատճառով ալ կրնայ օգտագործուիլ իբրեւ մաքրող միջոց։ Քոքա- Քոլան կարելի է օգտագործել՝
- զուգարանակոնքեր եւ թէյնիկներ մաքրելու,
- հագուստներուն վրայէն ժանգի հետքերը մաքրելու,
- այրած յատակով կաթսաները մաքրելու,
- մազերուն փակած կպչուն բաներ մաքրելու,
- մետաղներու վրայի (ինքնաշարժ, հեծանիւ եւ այլն…) ժանգի հետքերը մաքրելու,
- ամանեղէն մաքրելու։
Քոքա-Քոլան եւ Մենթոսը
ԽմբագրելՔոքա-Քոլային մէջ մենթոսի մէկ հատիկ նետելէ ետք, կրնանք տեսնել Քոքա-Քոլայի «շատրուան»ը։ Պատճառը՝ Մենթոսի հատիկին եւ Քոքա-Քոլային միջեւ տեղի ունեցող քիմիական հակազդեցութիւնն է։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին յղում
Խմբագրել- Քոքա-Քոլայի պաշտօնական կայքը
- Քոքա-Քոլա Հելլենիկ Արմենիա Archived 2015-09-06 at the Wayback Machine.