Օլիվիա Վ. Պալեան
Օլիվիա Վ. Պալեան (ծնած 22 Սեպտեմբեր 1927-ին, Պէյրութ, մահացաւ 15 Սեպտեմբեր 2017-ին Պէյրութ, Պուրճ Համուտի հայկական տարեցներու տունը (ՔԱՀԼ) ) հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ազգային գործիչ Վահան Պալեանի (եղբայրը` Հայկ Պալեանի` «Ազդակ» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր) եւ Սալմա Ղոսն Սաուայայի զաւակն էր։ Ան իր 39 տարիներու անխոնջ ծառայութեամբ` հայ ազգի մատղաշ սերունդին դաստիարակութեան մէջ, անշահախնդիր եւ իմաստուն նուիրումով` ուսուցչական ասպարէզին մէջ, եղաւ տիպար օրինակ` իր գործակիցներուն եւ ներշնչման աղբիւր՝ աշակերտներուն, փաստ` շրջապատին, պաշտօնակիցիներուն եւ անթիւ աշակերտներուն վկայութիւնները: Լ.Օ.Խ-ի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամ:
Օլիվիա Վ. Պալեան | |
---|---|
Ծնած է | 22 սեպտեմբեր 1927-ին |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Պուրճ Համուտի հայկական տարեցներու տունը (ՔԱՀԼ) |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | նկարչութեան դասատու, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամ |
Աշխատավայր | Անգլերէնի ուսուցչուհի |
Ծնողներ | Վահան Պալեան եւ Սալմա Ղոսն Սաուայա |
Կրթութիւն
ԽմբագրելՕլիվիա Վ. Պալեան իր նախնական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ դպրոցին մէջ, իսկ երկրորդականի վկայականը` Աղջկանց ամերիկեան դպրոցէն, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դիմաց, պետական երաժշտանոցին կից (այժմ փակուած): Ապա 1946-ին ստացած է իր Ասոշիյէթ տիկրին` մասնագիտանալով անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան մէջ, Ճիւնիյոր քոլեճէն (վերջը կոչուած` Պէյրութ քոլեճ ֆոր վումըն, իսկ ներկայիս Էլ. Էյ. Եու):
Ուսուցչական ասպարէզ
ԽմբագրելՇրջանաւարտ ըլլալէն անմիջապէս ետք Օլիվիա Վ. Պալեան կը սկսի իր ուսուցչական ասպարէզը Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ եւ տարի մը ետք` 1947-ի հոկտեմբերին, հօրը (Ս. Յակոբ դպրոցին հոգաբարձութեան ատենապետ) պնդումին վրայ` թէ Սուրբ Յակոբ դպրոցը իր ուսուցչական ձիրքերուն պէտք ունի, ան ստիպուած կը միանայ իր մայր դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ գոհունակ սրտով եւ մեծ նուիրումով կը ծառայէ մինչեւ 1964: Նոյն տարին ան կը կորսնցնէ իր հայրը:
Առաջնորդը` Տաճատ սրբազան |
Օլիվիա Վ. Պալեան չէր կրնար մերժել այս տեսակ առաջարկ մը, եւ ան շուտով գործի կ՛անցնի նորանշանակ տնօրէն Կարօ Պետրոսեանին հետ, եւ ձեռք ձեռքի տուած` կը սկսին դպրոցին կահաւորումին, որպէսզի պատրաստ ըլլայ վերամուտին:
Օլիվիա Վ. Պալեան, անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան կողքին, նաեւ կը սկսի նկարչութեան դաս տալ: Ան յատուկ տաղանդ ունէր արուեստի, մանաւանդ ձեռագործ, ասեղնագործ եւ կաւի ամաններու վրայ գծագրութեան մէջ։ Ան նաեւ իր նկարչութեան տաղանդը զարգացուցած է` շնորհիւ իր ազգականներէն մէկուն, որ Ամերիկայէն գալով` կ՛այցելէ իրենց, իրեն նուէր կը բերէ տրցակ մը «Painting by Numbers», նկարչութիւն` թիւերով:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչ Լիբանանահայ օգնութեան խաչ
ԽմբագրելՕլիվիա Վ. Պալեան նաեւ գործօն ներդրում ունեցած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչին մէջ` անդամակցելով Էշրեֆիէի մասնաճիւղին եւ ըլլալով Շրջանային վարչութեան ալ աննկուն ծառայող:
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի առաջին ուսուցչուհին
Խմբագրել6 մարտ 2014-ը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հիմնադրութեան 50-ամեակին տօնակատարութեամբ յատուկ օր մը եղաւ մասնաւորաբար Օլիվիա Վ. Պալեանին համար, երբ շրջանաւարտները պատուեցին երկարամեայ (10-37 տարիներ) ծառայութիւն ունեցող իրենց ուսուցիչները: Այն պահուն, երբ պատուըւող ուսուցիչները մէկ առ մէկ սրահ կը մտնէին, անոնց վերջինը Օլիվիան էր, որ դպրոցին առաջին ուսուցչուհին եղած էր եւ ծառայած` 21 տարի, այդ պահուն սրահը թնդաց շրջանաւարտներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու ծափահարութիւններով:[1]
Անձնական կեանք
ԽմբագրելՕլիվիա Վ. Պալեանը ամուսնանալով ընտանիք չկազմեց, բայց իր մայրական սէրն ու գուրգուրանքը տածեց իր մօրաքրոջ աղջկան զաւակներուն եւ բազմաթիւ չքաւոր աշակերտներուն նկատմամբ: Ան մօր մը նման կը հետեւէր անոնց պէտքերուն եւ անպայման լուծում կը գտնէր անոնց հարցերուն` իր համեստ եկամուտով եւ կամ կը դիմէր իր սիրելի եւ վիճակով լաւ բարեկամներուն կամ ազգականներուն, որոնք միշտ պատրաստ էին օգնութեան հասնելու այս չքաւոր աշակերտներուն. ոմանք` գոգնոցի պէտք ունէին, ուրիշներ գիրքի, ոմանք գրենական պիտոյքներու:
Վկայութիւն
Խմբագրել«Ես Լիբանանը ձգեցի մօտաւորապէս 50 տարիներ առաջ, բայց դեռ լաւ կը յիշեմ, կարծես երէկ ըլլար իր նուիրումը եւ յանձնառութիւնը` մեզի անգլերէն սորվեցնելու, ինչ որ օգնեց ինծի Միացեալ Նահանգներու մէջ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ վերջաւորութեան ես դարձայ խմբագիր եւ հրատարակիչը անգլերէն լեզուով լրագիրի մը` «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի: Աւելի՛ն. չեմ կրնար երբեք մոռնալ իր առատաձեռնութիւնը` վճարելով իմ տարեթոշակս Լ. եւ Ս. Յակոբեան երկրորդական վարժարանի իր համեստ ամսականովը, երբ ես վտարուած էի դպրոցէն, քանի որ ծնողներս կարող չէին վճարել իմ տարեթոշակս: Ես յաւիտենապէս երախտապարտ եմ իրեն, որ զիս փրկեց երկրորդական վարժարանէն դուրս դրուած անձ մը ըլլալէ:Իմ խորին ցաւակցութիւններս` իր ընտանիքին եւ ձեզի»:ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Սասունեանի խօսքը կարդացուեցաւ յուղարկաւորութեան ատեն:[1]
Դասերէն ետք գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ կրկին խնդրեցի քարտուղարէն՝ բացայայտել բարերարին անունը: Տեղի տալով պնդումներուս, ան դժկամութեամբ տեղեկացուց, որ բարերարս ոչ այլ ոք էր, քան իմ անգլերէնի ուսուցչուհին՝ Օլիվիա Վ. Պալեանը, սակայն մէկ պայմանով, որ ես պէտք չէ շնորհակալութիւն յայտնեմ անոր եւ վտանգի տակ դնեմ քարտուղարը, զոր կրնային հեռացնել գործէն՝ գաղտնիքը բացայայտելուն համար: Խոստացայ, որ այդ մասին չեմ խօսիր ուսուցչուհիիս հետ: Քարտուղարը նաեւ պատմեց, որ երբ սկսեր է ուսումնական տարին, եւ ուսուցչուհին նկատելով, որ նստարանս դատարկ է, հարցուցեր է, թէ ինչո՛ւ դպրոցը չեմ, անոր պատասխաներ են, որ ծնողներս չեն կրնար կրթաթոշակս վճարել: Այնուհետեւ ան դիմեր է տնօրենին, որ իր ամսականէն զեղչեն իմ կրթաթոշակը…
Ամբողջ տարին ես նստած էի օրիորդ Պալեանի դասարանը եւ կը մտածէի անոր վեհանձն քայլին մասին, սակայն չէի կրնար երախտագիտութիւնս յայտնել:Ուսուցչուհին, Որ Փոխեց Կեանքս - ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
|