Օձի Պորտ
Վայր` Լոռ-ի մարզ
Երեւանի 186քմ / 2ժամ 30վայրկեան հեռաւորութեամբ
Բուժիչ բնական աղբիւր, Արդվի գիւղի մօտ:
Լոռի մարզի հրաշքներէն է Օձի փորը: Ըստ աւանդութեան` գիւղի ձորակի աջ կողմը կը գտնուէր դպրոց մը, ուր իր եօթը աշակերտներ ուսում կ՚առնէին ծերունի իմաստուն ճգնաւորէ մը: Ձորակի ձախ կողմը ՝ լերան լանջին կար սարսափելի վիշապը եւ անոր արձակած ձայներէն ամէն ինչ կը պապանցուէր: Օր մը գիւղացի կին մը սափորը ուսին կ՚ իջնէր լերան լանջին, կը տեսնէ ահաւոր հրէշը, այդ վայրկեանին կը քարանայ: Ճգնաւորը աշակերտներէն մէկը կ՚ուղղարկէ պարզելու, թէ ինչ պատահած է: Աշակերտը չի վերադառնար եւ այդպէս բոլոր եօթը աշակերտներն ալ վիշապի բաժինը կը դառնան: Ծերունին փնտրելու կ՚ ելլէ իր աշակերտները: Հրաշագործը գավազանով կը խբէ վիշապի գլուխը ու կ՚ ըսէ. «Քա՛ր դառնաս, աղբիւր բխի քու սրտէդ՝ հիւանդի համար դե՛ղ դառնաս»: Սուրբ իմաստունի ըսածը իսկոյն կը կատարուի:
Լերան լանջին, կարծես թէ, «կը սողուն» երկու վիշապները: Անոնք քարային ապարաշերտային երակներ են՝ մէկը աւելի երկար ու հաստ, իսկ միւսը՝ կարճ ու բարակ: «Մեծ վիշապներ»էն կը բխին երկու աղբիւր, որոնք ամառուայ տապին հոգնած ճամբորդին կու տայ սառնորակ ջուր, այն տարբերութեամբ, որ մէկը սովորական ջուր է, իսկ միւսը ունի բուժիչ հատկութիւն: Արեւմտեան կողմէն բխող ջուրը շատ բարակ է եւ կը կոչուի «օձի փոր»: Ան ունի բուժիչ յատկութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են հանքային ջուր ըլլալու յարմարութեամբ: Ջուր, որ կ՚ օգտուին ոչ միայն տեղացիները, այլ նաեւ բոլորը… Կ՚ ըսուի որ ժամանակին սափորը ուսին կին-ժայռը պարզ կ՚ երեւէր, բայց 1939 թուականին ան քանդուած, իսկ քարերով անասուններու համար գոմեր կառուցուած են: Տեսարանը հիասքանչ է ու անզուգական՝ գողտրիկ բնակավայր, վեհաշուք վանական համալիր, գեղատեսիլ ձորակ[1]:
Ծանօթագրութիւն
Խմբագրել- ↑ Tours Barev Armenia։ «Օձի պորտ | Բարեւ Արմենիա Թուր»։ barevarmenia.com (ամհարերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-26-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-04