Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան
Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան, Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան, 1972 թուականին ՀԽՍՀ Մինիստրներու խորհուրդի Յուլիս 21-ի թիւ 43 որոշմամբ Օրբելի եղբայրներու յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով՝ տունը, ու ծնած է ակադեմիկոս Լեւոն Օրբելին, վերածուած է տուն-թանգարանի։
Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | հուշային թանգարան? եւ վանական համալիր? |
Երկիր | Հայաստան[1] |
Տեղագրութիւն | Ծաղկաձոր[1] |
Կազմուած է | Օրբելի եղբայրների հուշարձան |
Հասցէ | Օրբելի եղբայրների փողոց?[2] |
Հիմնադրուած է | 1972 |
40°31′59″N 44°43′13″E / 40.5331444°N 44.7201681°E | |
Կայքէջ | orbelimuseum.am |
Ընդգրկուած է Ծաղկաձորի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՕրբելի եղբայրներու տուն-թանգարանը բացուած է 1982 թ. Յուլիս 6-ին՝ ակադեմիկոս Լեւոն Օրբելի 100-ամեակի միջոցառումներու շրջանակին մէջ։ Տուն-թանգարանի նպատակն է պահպանել եւ սերունդներուն փոխանցել այն հոգեւոր արժէքները եւ իրեղէն վկայութիւնները, որոնք կապուած են Օրբելի եղբայրներու անուան հետ։ Թանգարանը կը գտնուի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան ներքոե։
Ցուցադրութիւն
ԽմբագրելԹանգարանն ունի շուրջ 2000 մշակութային արժէքներու հարուստ հաւաքածոյ՝ գիրքեր, ձեռագրեր, լուսանկարներ, անձնական իրեր, փաստաթուղթեր, կենցաղային առարկաներ։ Թանգարանը ստեղծվուած է աշխատակիցներու ջանքերով եւ յատկապես Օրբելի եղբայրներու հարազատներու, բարեկամներու, աշակերտներու օժանդակութեամբ, որոնք նուիրաբերած են թանգարանին անոնց վերաբերող բազմաթիւ նիւթեր։ Անոնք հիմնականին ձեոք բերուած են Սանկտ Պետերբուրգ քաղաքէն։
Տուն-թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը բաղկացած է երկու մասէ՝ գիտական եւ յուշային։ Սրահներուն մէջ ժամանակագրական հերթականութեամբ ներկայացուած է Օրբելի եղբայրներու կեանքի անցած ուղին՝ գիտական եւ հասարակական գործունէութիւնը։
Թանգարանի երեք յուշասենյակներուն մէջ ցուցադրուած է Օրբելի եղբայրներու աշխատասենեակներու կահոյքը՝ գրասեղանը, բազմոցը, բաղկաթոռը, գաղտնապահարանը, ինչպէս նաեւ գիրքերը, անձնական իրերը, ձեռագրերը, լուսանկարները, փաստաթուղթերը եւ կենցաղային առարկաները։
Հաւաքածոյիի ուշագրաւ մասը կը կազմէ գրադարանը, ու կ՛ամփոփուի հայերէն հին հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ օտար լեզուներով՝ ռուսերէնով, գերմաներէնով, իտալերէնով գիրքեր, որոնցմէ շատերը կը կրեն Օրբելիներու կողմէ արուած նշումներ։ Այստեղ կը պահպանուին նաեւ անոնց կողմէ հրատարակուած աշխատութիւնները։ Թանգարանին մէջ կան կրաֆիկական եւ իւղաներկ նկարներ, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ արուեստական բարտիի աղուամազէն պատրաստուած դիմանկարներ։ Լուսանկարներու հարուստ ֆոնտը վառ կը պատկերացնէ Օրբելի եղբայրներու եւ անոնց ժամանակակիցներու մասին, իսկ կենցաղային զանազան իրերը անոնց ապրած կեանքի եւ նախասիրութիւններու լուռ վկաներն են։
Թանգարանի հարանութեամբ կը գտնուի Օրբելի եղբայրներու յուշաքանդակը (քանդակագործ՝ Արտաշէս Հովսէփեան, ճարտարապետ՝ Ռոմէօ Ջուլհակեան)։
Միջոցառումներ
ԽմբագրելԹանգարանին մէջ կը կազմակերպուին յոբելեաններ, ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ, բաց դասեր, գիրքերու շնորհանդէսներ, ինչպէս նաեւ գիտական ընթերցումներ, յուշ-երեկոներ նուիրված Օրբելի եղբայրներուն, որու ընթացքին կը հնչեն Օրբելիներու սիրած մեղեդիները, կ՛ընթերցուին հատուածներ անոնց նամակներէն։ Այս միջոցաոումներուն կը մասնակցինքաղաքի միջնակարգ եւ արուեստի դպրոցներու սաները, կը հրավիրուին հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներ։
Հասցէ
ԽմբագրելԹանգարանը կը գտնուի ՀՀ Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի Օրբելի եղբայրներու փողոցի 12 հասցէին։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- Օրբելի եղբայրների տուն-թանգարան Archived 2018-08-03 at the Wayback Machine.
- Թանգարանային գիշերը Ծաղկաձորում