Ֆամատիհանա
Ֆամատիհանա (Famadihana)․ յուղարկային սովորութիւն, Մատակասքար։ Կը կոչուի նաեւ «ոսկորներու դարձուածքը» (retournement des morts, the turning of the bones)։ Արարողութիւնը կը միտի յաջողցնել կապը մահացածներուն եւ ողջ մարդոց միջեւ։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՄատակասքարի կարգ մը շրջաններու բնակիչները, գլխաւորաբար կեդրոնական բարձրաւանդակի (Hautes Terres de Madagascar կամ Hauts-Plateaux), հողէն կը հանեն իրենց սիրելիներուն թաղուած դիակները, վերստին կը հագցնեն թարմ զգեստներով, կը փաթթեն նոր լաթերով որոնց վրայ անոնց անունը կը գրեն եւ նուագախումբի ընկերակցութեամբ կը պարեն իրենց ուսերուն շալկելով անոնց մարմինները։
Այդ սովորութիւնը կը պատահի մօտաւորապէս 5-7 տարին անգամ մը եւ հաւանաբար սկսած է ԺԷ․ դարուն, սակայն կ՛ենթադրուի նաեւ թէ արդի պատշաճեցումն է հարաւ-արեւելեան Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ թաղման սովորութիւններու։ Բնակիչները կը հաւատան թէ դիակներու պատշաճ յուղարկաւորութեամբ եւ անոնց լրիւ տարբաղադրութեամբ (որ կը տեւէ քանի մը տարի) եւ այդ յուղարկային սովորութեամբ, մահացածներուն հոգիները վերջնականապէս կը միանան իրենց նախահայրերուն։ Ինչպէս նաեւ կը վերամիացնէ զանազան պատճառներով իրարմէ բաժնուած ընտանիքներ։
-
Ֆամատիհանա