100 հազար տոլար արժող թղթադրամը
100 հազար տոլար արժող թղթադրամը գոյութիւն ունեցած է: Ան տոլարի ամէնէն մեծ թղթադրամն էր, սակայն այդ թղթադրամները տպուած են միայն քանի մը շաբթուան ընթացքին, 1934-ի վերջաւորութեան[1]:
![](http://upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/8/8b/US-%24100000-GC-1934-Fr-2413.jpg/320px-US-%24100000-GC-1934-Fr-2413.jpg)
Գործածութիւն
ԽմբագրելԱնոնք գործածուած են միայն դրամատուներուն եւ Դաշնակցային գանձապետարանի տարբեր մասնաճիւղերուն միջեւ եւ բնաւ շուկայ չեն իջեցուած ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դնելու համար:
1960-ական թուականներու վերջաւորութեան անոնք սկսած են հազուագիւտ դառնալ, սակայն` իրենց արժէքը տակաւին պահելով:
Այս թղթադրամին վրայի ամերիկացի նախագահին պատկերը Միացեալ Նահանգներու քսանութերորդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին դէմքն է. ան ԱՄՆ նախագահը եղած է 1913-1921[2]: