2021 Պողազիչի Համալսարանի Ցոյցեր

2021 Պողազիչի Համալսարանի (թրքBoğaziçi Üniversitesi, անգլBoğaziçi University) ցոյցերը բողոքներ են որոնք սկսան 4 Յունուարին ընդդէմ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշման նշանակելու Մելի Պուլու իբր Պողազիչի Համալսարանի տնօրէն: Համալսարանը Թուրքիոյ ամէնէն լաւ համալսրաններէն մէկն է:

Հեռանկար

Խմբագրել

Մելի Պուլու, որ կապեր ունի տիրապետող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (թրք.՝ Adalet ve Kalkınma Partisi, կամ AKP) հետ, նշանակուեցաւ Պողազիչի Համալսարանին տնօրէնը 2 Յունուար, 2021 թուականին: Ըստ համալսարանին ուսումնական կազմին, Պուլուն առաջին տնօրէնն է որ ընտրուած էր համալսարանէն դուրս 1980 թուականի յեղաշրջումէն ի վեր:[1] Յեղաշրջումէն ետք, Էրկիւն Թողրոլ, Իսթանպուլի Թեքնիք Համալսարանէն ակադեմիկոս մը, նշանակուած էր Պողազիչի Համալսարանի տնօրէնը:[2]

Ցոյցերը

Խմբագրել

Հարիւրաւոր մարդիկ սկսան ցոյցերու եւ բողոքներու մաս կազմեր 4 Յունուարէն սկսեալ նախգահին նշանակումէն ետք, «Մելի Պոլուն մեր տնօրէնը չէ» եւ «մենք բանագող տնօրէն չենք ուզեր» բացականչութիւններով: Ուսումնական կազմը, միացեալ յայտարարութեամբ մը, նշանակումը կոչեց «ակադեմական ազատութեան եւ գիտական ինքնավարութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական արժէքներու» դէմ դրժում մը:[3][4]

Համալսարանի շէնքերէն մէկը աշակերտներուն կողմէ փակուեցաւ: Յետոյ, ցուցարարները ոստիկանութեան հետ բախաւ, կոտրելու համար խոչընդոտ մը որ կ'արգիլել իրենց համալսարան մտնելէ: Ոստիկանները աշակերտներուն դէմ կծու հեղուկ սրսկեցին բաժնելու համար ցուցարարներու խումբերը: Երկու աշակերտ ձերբակալուեցան այս պատահարէն ետք:[3][5][6] 6 Յունոարին արդէն 36 աշակերտներ բանտարգելուած էին:[7] Աշակերտներուն կողմէ ցոյցերը եւ ուսումնական կազմին կողմէ բողոքները տնօրէնին գրասենեակին դիմաց շարունակուեցան մինչեւ Փետրուար,[8][9] եւ այլ Թուրքիոյ մէջ համալսարաններ, ինչպէս նաեւ Պողազիչի Համալսարանի արտերկրի աւարտական միութիւններ միացան աշակերտներուն բողոքի կանչերուն նշանակման դէմ:[10]

Ցոյցերը քաջալերող արուեստի ցուցահանդէս մը ցուցադրած էր Քաապան (Մեքքայի սուրբ Իսլամութեան Խորանարդը) սէրային փոքրամասնութիւններու դրօշակին քով, որուն հետեւանքն էր 4 կազմակերպիչ աշակերտներու ձերբակալումը:[11][12] Թուրքիոյ Ներքին Նախարար Սուլէյման Սոյլու «չորս խոտորած սէրային փոքրամասնականներ» անուանեց չորս ձերբակալուած աշակերտները, ինչ որ Թուիթըրը յետոյ արգիլափակեց:[13] Այս դէպքէն ետք, Պողազիչի Համալսարանի սէրային փոքրամասնութիւններու աշակերտական խմբակը փակուեցաւ Մելի Պուլույի հրահանքով:[14] Պուլու ինքզինք պաշտպանեց, ըսելով թէ ինք սէրային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպան է:[15]

1 Փետրուարին, ոստիկանութիւնը փակեց համալսարանին հարաւային մուտքը կանխարգելու ցոյցեր: Ցուցարարներուն դէմ ջրցաններ, պատնէշներ եւ գոնէ մէկ դիպուկահար զետեղուեցան:[16][17] Նոյն գիշերը, ոստիկանութիւնը մտաւ համալսարան եւ ձերբակալեց 159 աշակերտներ:[18][19][20] Քանի մը ցուցարարներ Իզմիրի մէջ, եւ 69 ցուցարարներ Անքարայի մէջ նաեւ ձերբակալուեցան:[21][22][23] 2 Փետրուարին, Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց եւ բանտարգիլեց 104 ցուցարար Քատիքէոյի Համալսարանին մօտ, եւ արձունքաբեր կազերով ու քաուչու փամփուշտներով պատասխանեց ցուցարարներուն:[24] Իսթանպուլի քաղաքացիները թմբկահարեցին կաթսաներու եւ տապակներու վրայ քաղաքին տարբեր թաղամասներուն մէջ իրենց քաջալերականը ցոյց տալու համար շարժման հետ:[25] 3 Փետրուարին, 50 ցուցարար ձերբակալուեցան Իզմիրի մէջ:[26]

Հակազդեցութիւններ

Խմբագրել

Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ «վարժութիւն դարձած նշանակումը» կը գործածուի «համալսարանները գրգռելու համար»:[27] Ան նաեւ ցուցարարները անուանեց «ահափեկիչներ» եւ դատապարտեց սէրային փոքրամասնութիւնները:[28][29] Ազգայինական Շարժման Կուսակցութեան (թրք.՝ Milliyetçi Hareket Partisi, կամ MHP) ատենապետ Տէվլէթ Պահչելի գրաւոր յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ տնօրէնին նշանակումը իրաւաբանական գետնի վրայ սխալ չէ, եւ վերջ: Պահչելի աւելցուց, թէ ցուցարարները պէտք չէ իրենց «տրուած առիթները շահագործեն», եւ «մասնակից չդարնան անիշխանական ծրագիրներու մէջ», նկարագրելով ցոյցերը իբր «դաւակցութիւն մը որ պէտք է խորտակուի»:[30] Ներքին գործոց նախարար Սոյլու յայտնեց որ տնօրէնի նշանակումը պէտք չունի ժողովրդավարական ըլլալու:[31][32]

Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, անդամ ձախակողմեան գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան (թրք.՝ Cumhuriyet Halk Partisi կամ CHP), քաջալերեց ցոյցերը:[33] Չանան Քաֆթանչիօղլու, ատենապետը նոյն կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին, նաեւ յայտնեց իր քաջալերանքը ցոյցերուն հանդէպ, ինչ որ մղեց Նախագահ Էրտողան որ զինք անուանէ «ահափեկիչ մը Յեղափոխական Ժողովուրդի Ազատրագրութեան Կուսակցութեան (թրք.՝ Devrimci Halk Kurtuluş Partisi-Cephesi կամ DHKP-C) անդամ»: Քաֆթանչիօղլու նախագահին դէմ իրաւաբանական ոճրային գանգատ ներկայացուց:[34]

Պուլուն Պողազիչի Համալսարանի տնօրէն նշանակուելէն 23 օր ետք տակաւին ոչ մէկ ակադեմիկոս համաձայնած է դառնալ համալսարանին փոխ-տնօրէնը:[35][36]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Reuters Staff (2021-01-04)։ «Turkish police clash with students protesting Erdogan-appointed university head»։ Reuters (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-01-05 
  2. «12 Eylül'den sonra ikinci»։ www.sozcu.com.tr։ արտագրուած է՝ 2021-02-03 
  3. 3,0 3,1 Reuters Staff (2021-01-04)։ «Turkish police clash with students protesting Erdogan-appointed university head»։ Reuters (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-01-05 
  4. «Boğaziçi Üniversitesi'nde Melih Bulu protestosu: 'Kayyum istemiyoruz'»։ birgun.net (Turkish)։ արտագրուած է՝ 2021-01-05 
  5. Presse AFP-Agence France։ «Hundreds Protest In Istanbul Against New University Rector»։ www.barrons.com (en-US)։ արտագրուած է՝ 2021-01-05 
  6. «Students in Turkey Protest Rector Tapped to Head University» 
  7. «Boğaziçi students in Kadıköy: 'Release our friends from detention'»։ bianet.org (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-01-10 
  8. English Duvar (2021-01-21)։ «Boğaziçi University students hold Pride March on third week of protests against Erdoğan's rector»։ Duvar English։ արտագրուած է՝ 2021-01-24 
  9. Gall Carlotta (2021-02-01)։ «Prestigious Istanbul University Fights Erdogan’s Reach»։ The New York Times (en-US)։ ISSN 0362-4331։ արտագրուած է՝ 2021-02-02 
  10. «Boğaziçi University starts resistance against government-appointed trustee rector '» (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-01-12 
  11. «Campus Guards intervene with Boğaziçi University Resistance Exhibition»։ dokuz8HABER (թուրքերեն)։ 2021-01-28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 January 2021-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-29 
  12. «TARGETED BY RECTOR, STATE OFFICIALS: Two Boğaziçi University students arrested, two placed under house arrest»։ Bianet - Bagimsiz Iletisim Agi։ արտագրուած է՝ 2021-02-03 
  13. «Twitter’dan Süleyman Soylu’nun nefret söylemi içeren tweetlerine kısıtlama»։ birgun.net (Turkish)։ արտագրուած է՝ 2021-02-02 
  14. «ANNOUNCED BY PRESIDENTIAL COMMUNICATIONS DIRECTOR: Boğaziçi University’s LGBTI+ Studies Club closed by the appointed rector»։ Bianet - Bagimsiz Iletisim Agi։ արտագրուած է՝ 2021-02-04 
  15. LGBTI+ Kaos GL-News Portal for։ «Bulu after shutting down the LGBTI+ Club: “I’m an LGBT rights advocate”»։ Kaos GL - News Portal for LGBTI+ (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-02-04 
  16. «Çok sayıda Boğaziçi Üniversitesi öğrencisi gözaltına alındı!»։ Jurnal Türkiye (թուրքերեն)։ 2021-02-01։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-01-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-01 
  17. «Boğaziçi'nde yeni gözaltılar»։ www.cumhuriyet.com.tr (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-02-01 
  18. «Boğaziçi Üniversitesi'ndeki gösterilerde 159 kişi gözaltına alındı»։ Milliyet (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-02-01 
  19. «Boğaziçi Üniversitesi Güney Kampüs'e polis girdi, öğrencilere müdahale etti»։ BBC News Türkçe (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-02-01 
  20. «Boğaziçi Üniversitesi'ne polis girdi, rektör Bulu'yu protesto eden onlarca öğrenci gözaltına alındı!»։ T24 (Turkish)։ արտագրուած է՝ 2021-02-01 
  21. «İzmir'de Boğaziçili öğrencilere destek eylemine polis müdahalesi; gözaltılar var»։ T24 (Turkish)։ արտագրուած է՝ 2021-02-02 
  22. «Boğaziçi eylemlerinde gözaltı sayısı 228'e yükseldi: Öğrencilerin bir bölümü adliyeye sevk edildi»։ www.cumhuriyet.com.tr (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-02-02 
  23. «Ankara'da Boğaziçi Üniversitesi ile dayanışma eylemine polis müdahalesi: Çok sayıda gözaltı var»։ www.cumhuriyet.com.tr (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-02-02 
  24. «Kadıköy'de biber gazlı, plastik mermili müdahale!»։ www.cumhuriyet.com.tr (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-02-02 
  25. «Istanbul: Festnahmen bei Studenten-Protesten»։ FAZ.NET (գերմաներեն)։ ISSN 0174-4909։ արտագրուած է՝ 2021-02-03 
  26. «İzmir'de çok sert müdahale: 50 kişi gözaltına alındı» (թուրքերեն) 
  27. «Boğaziçi protestoları: Erdoğan, Soylu ve Kaftancıoğlu, gösteriler ve suçlamalar için ne dedi?»։ BBC Turkish Service (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 18 January 2021 
  28. «Erdogan slams LGBT, students after protests»։ France 24 (անգլերեն)։ 2021-02-03։ արտագրուած է՝ 2021-02-04 
  29. «Turkey's Erdogan denounces LGBT youth as police arrest students»։ BBC News (en-GB)։ 2021-02-02։ արտագրուած է՝ 2021-02-04 
  30. «Bahçeli, Boğaziçi eylemlerini hedef aldı: Başı ezilmesi gereken bir komplo!»։ BirGün (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 18 January 2021 
  31. «İçişleri Bakanı Süleyman Soylu canlı yayında soruları yanıtladı»։ Konhaber (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 3 February 2021 
  32. «Soylu konuşuyor: Rektör seçimlerinin illa çok demokratik mi olması gerekiyor?»։ İleri Haber (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 3 February 2021 
  33. «Ekrem İmamoğlu'ndan Boğaziçi Üniversitesi öğrencilerine destek»։ Cumhuriyet (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 5 January 2021 
  34. «Erdogan zu den Uni-Demos: „Dahinter stecken Terroristen“»։ nex24 (գերմաներեն)։ արտագրուած է՝ 13 January 2021 
  35. Gazetesi Evrensel։ «Boğaziçi'nde akademisyenler Melih Bulu'nun yardımcılığını yapmayı kabul etmiyor»։ Evrensel.net (tr-TR)։ արտագրուած է՝ 2021-01-24 
  36. «AKP'li Melih Bulu'nun atanmasından sonra kimse rektör yardımcılığı görevini kabul etmedi»։ www.cumhuriyet.com.tr (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2021-01-24