Edward Sharpe and the Magnetic Zeros

Edward Sharpe and the Magnetic Zeros Ամերիկեան ազգ-ռոք երաժշտութեան խումբ մըն են, հիմնուած Լոս Անճելըսի մէջ, Քալիֆորնիա, 2007 թուականին: Խումբը կը վարէ Ալէքս Էպըրթը:

Lollapalooza ելոյթ, Չիլէ, 2011

Պատմութիւն Խմբագրել

Խումբին անունը հիմնուած է պատմութեան մը վրայ, որ Էպըրթ գրած է իր երիտասարդութեան օրերուն, մեսիական կերպարի մը մասին, անունը՝ Էտուըրտ Շարփ: Ներշնջուելով ռոքէ, ամերիկեան ազգագրական երաժշտութենէ, եւ հոգեբաց երաժշտութենէ, խումբին պատկերը եւ երաժշտութիւնը կ'արտացոլան ԱՄՆի 60ական եւ 70ական հիփփիներու շարժման եղանակները: Խումբին առաջին ելոյթը տեղի ունեցած է 18 Յուլիս, 2007 թուականին, The Troubadour բեմին վրայ, Արեւմտեան Հոլիւուոտ, Քալիֆորնիա: Խումբին առաջին ալպոմը, Up from Below, հրապարակուած է 7 Յուլիս 2009 թուականին, Communnity Records ընկերութեան հովանաւորութեամբ, եւ կը ներառէր հանրածանօթ երգ Home-ը: Խումբը հրապարակեց իրենց երկրորդ ալպոմը՝ Here, 29 Մայիս, 2012 թուականին, եւ երրորդ ալպոմը՝ Edward Sharpe and the Magnetic Zeros, 23 Յուլիս 2013 թուականին: Իրենց չորրորդ ալպոմը՝ PersonA, հրապարակուած է Ապրիլ 2016 թուականին:

Հիմնուելէն ի վեր, խումբը տարբեր փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Ամէնէն նշմարելին երգչուհի Ճէյտ Քասթրինոսի խումբէն հեռանալն էր 2014 թուականին:[1][2] Խումբին ներկայ անդամներն են՝ Մարք Նոզուըրթի, Օրֆէօ Մքորտ, Ճոշ Քալազօ, Քրիսթիան Լէց, Նիքօ Ակլիէթի, Սէթ Ֆորտ-Եանկ, Միչըլ Եոշիտա, Քրաշ Ռիչըրտ, Սթուըրթ Քոլ, եւ Ալէքս Էպըրթ: Խումբը նաեւ կը վարէ Big Sun կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է ֆինանսաւորել եւ մշակել քաղաքներու մէջ հողային տարածքներ: Իրենց առաջին մեծ ծրագիրը, «Avalon Village», Հայլընտ Փարքի մէջ է, Տիթրոյթ, Միշիկըն:[աղբիւրի կարիք ունի]

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Joe Youorski (4 June 2014)։ «Jade Castrinos Booted from Edward Sharpe and The Magnetic Zeros»։ Paste Magazine 
  2. Joe Youorski (25 March 2015)։ «Edward Sharpe And The Magnetic Zeros: Jade Quit, We Didn’t Kick Her Out»։ Musicfeeds.com.au։ «We asked her to take off one tour. So she quit and told you she was booted.»