«Կուկըլ սթրիթ վիու»ն համացանցի վրայ Կուկըլ կայքէջին առաջարկած գործողութիւններէն մէկն է: Անոր միջոցով կարելի է «այցելել» աշխարհի որեւէ վայր, առանց «այցելողին» տեղէն շարժելու:

«Կուկըլ սթրիթ վիու»ն լոյս կը տեսնէ 25 Մայիս 2007-ին: Ան յղացուած է իբրեւ շարունակութիւնը «Կուկըլ մափս»ին, որ մարդոց տրամադրութեան տակ կը դնէ ամբողջ աշխարհի քարտէսները: Ան կարելիութիւնը կու տայ այդ կայքէջը գործածողներուն էականապէս տեսնելու աշխարհի որեւէ վայր` շնորհիւ անոր 360 աստիճան արձանագրուած նկարներուն[1]:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Յատուկ մեքենաներով եւ նկարելու գործիքներով օժտուած ինքնաշարժներ կը շրջին աշխարհի ճամբաներուն մէջ: Այս տարբեր տեսակի գործիքները տարբեր անկիւններէն նկարներ կ'առնեն իրենց անցած վայրերէն: Երբ այս բոլոր նկարները կը խմբուին եւ միասին կը դրուին, կարելի կ'ըլլայ յատուկ վայր մը 360 աստիճան տեսնել, այսինքն՝ ամբողջ շրջան մը դարձնելով մարդու նայուածքը: Ասիկա կարելիութիւնը կու տայ այդ պատկերները դիտողին ինքզինք զգալ այդ վայրին մէջ:

Այս ձեւով «Կուկըլ սթրիթ վու»ի ինքնաշարժները աւելի քան 220 միլիառ նկար առած են 2007-էն ի վեր, աւելի քան 100 երկիրներու մէջ: Այդ ինքնաշարժները կտրած են աւելի քան 16 միլիոն քմ, այսինքն` մօտաւորապէս 400 անգամ աշխարհին շուրջը[2][3]:

Ամէնէն շատ այցելութիւններ արձանագրած երեք վայրերը
Խմբագրել

Ոեւէ մէկը կրնայ ուզած տեղը երթալ շնորհիւ «Կուկըլ սթրիթ վիու»ի, հետեւաբար այս կայքէջը գործածողները ամէնէն շատ «այցելած են» Տուպայի Պուրժ Խալիֆան, Փարիզի Էյֆէլ աշտարակը եւ Հնդկաստանի Թաժ Մահալը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել