Թաժ Մահալը (Հնդկերէն՝ ताज महल; պարսկերէն՝ تاج محل) դամբարան է Աքրա քաղաքին, Հնդկաստանի մէջ, որ կառուցուած է Շահ Ճահան կայսէրի կողմէ նուիրուած իր կնոջ՝ Մումթազ Մահալի: Կառուցման աշխատանքները սկսած են մօտաւորապէս 1632 թուականին եւ աւարտած են 1653 թուականին։ Շինարարութեան մասնակցած են աւելի քան 22,000 վարպետներ[1] կայսրութեան բոլոր կողմերէն, ինչպէս նաեւ վարպետներ Միջին Ասիայէն, Պարսկաստանէն ու Մերձաւոր Արեւելքէն։

Թաժ Մահալի դամբարանը։

Թաժ Մահալի բարձրութիւնը գմբէթին հետ միասին 74մ է։ Իսկ անոր չորս կողմերուն կառուցուած մինարեթներու բարձրութիւնը 42մ է։ Թաժ Մահալի ամբողջ դամբարնը կառուցուած է ձիւնասպիտակ մարմարէ։ Ողջ շինութիւնը դրուագազարդուած է թանկարժէք քարերէ պատրաստուած ծաղիկներով, տէրեւներով, ինչպէս նաեւ Ղուրանի որոշ սուրահներով։

Թաժ Մահալի դիմաց, Շահ Ճահանը կ'ուզէր ուրիշ դամբարան մը կառուցել, բայց այս մէկը իր համար, որ պէտք է ըլլար սեւ մարմարէ։ Իսկ երկու դամբարանները պէտք է միանային կամուրջով։ Սակայն անոր որդին՝ Ճահանկիրը, որուն արդէն այս բոլոր անտեղի հսկայական ծախսերը յոգնեցուցած էին, չկատարեր իր հօր խնդրանքը, եւ Շահ Ճահանի մահէն յետոյ անոր կը թաղէ նոյն դամբարանին մէջ՝ իր կնոջ կողքին։

Մումթազ Մահալի հօր՝ Իթիմատ-Ուտ-Տաուլահի (1622—1628) դամբարանը, որ նաեւ կը կոչուի Փոքր Թաժ (անգլ.՝ Baby Taj) կը գտնուի Ակրա քաղաքին մէջ։ Իթիմատ-Ուտ-Տաուլահի դամբարանը կը նմանի Թաժ Մահալին, բայց չափերով աւելի փոքր է։

Այսօր արգիլուած է ինքնաթիռով թռչիլ Թաժ Մահալին վրայ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել