H-Pem
H-Pem (ոճաւորուած՝ h-pem) հայկական մշակութային առցանց բեմ, որուն գլխաւոր լեզուն անգլերէնն է։ Հիմնուած է 2019-ի Մայիսին՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Համաբեմ ընկերութեան կողմէ։[1] Բեմին առաքելութիւնն է հասնիլ աշխարհացրիւ հայերու, մասնաւորաբար՝ հայ երիտասարդութեան եւ զանոնք արդիական, ստեղծագործական եւ մասնակցողական միջոցներով հաղորդակից դարձնել իրենց հայրենիքին եւ մշակոյթին։[2]
h-pem | |
---|---|
Բնոյթ | մշակութային |
Կայքի տիպ | կայքէջ |
Գրանցում | կամընտիր |
Լեզու(ներ) | ամերիկեան անգլերէն |
Սեփականատէր(ներ) | Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն |
Հիմնուած | 13 Մայիս 2019 |
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀամազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով իրագործելու նպատակով՝ 2014-ին Համազգայինի 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը հիմնելու արդիական առցանց բեմ մը՝ հասնելու համար սփիւռքահայութեան, յատկապէս՝ երիտասարդութեան։
Պատգամաւորական ժողովէն ետք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր կազմէն ստեղծեց ծրագիրին գործադրութիւնը հետապնդող յանձնախումբ եւ բեմի տնօրէնի պաշտօնին կոչեց Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանը: Նախքան բեմին նախագիծը պատրաստելը՝ Կիւլոյեան-Սրապեան խորհրդակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող անգլիախօս երիտասարդներու հետ՝ լսելու համար անոնց կարիքները եւ ակնկալութիւնները։[3]
Առցանց ծրագիրը կոչուեցաւ h-pem՝ միացնելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան սկզբնատառ «Հ.»-ն եւ հայերէն «բեմ»-ը։[4]
Այնուհետեւ 2017-ին h-pem-ի միացաւ Լիլի Թորոսեանը իբրեւ բեմի օգնական պատասխանատու եւ յօդուածագիր, յաջորդ տարի՝ Ռուբէն Ճանպազեանը իբրեւ բովանդակութեան պատասխանատու եւ խմբագիր, իսկ 2019-ին՝ Շահէն Արապօղլեանը իբրեւ տնօրէնի օգնական եւ ընկերային ցանցերու քաղաքականութիւն մշակող պատասխանատու:
H-Pem-ը հանրութեան հասանելի դարձաւ 13 Մայիս 2019-ին։
Գործունէութիւն
ԽմբագրելH-Pem-ը մեծ մասամբ մատչելի է հանրութեան։ Այցելուներ նաեւ կրնան անվճար արձանագրուիլ՝ փոխանցելու համար իրենց մեկնաբանութիւնները, ստեղծագործութիւնները եւ առաջարկները , ինչպէս նաեւ՝ կապ հաստատելու իրարու հետ։
H-Pem-ի բովանդակութիւնը բաժնուած է երկու մասի՝
- Featured content, ուր կը հրապարակուին բեմին աշխատակիցներուն գրութիւնները, եւ
- Your stage, ուր լուսարձակի տակ կ՚առնուին այցելուներու կողմէ տրամադրուած գործեր։
Featured content
ԽմբագրելFeatured content-ը h-pem-ի առցանց թերթն է, որ կ՚ընդգրկէ լրագրական եւ գեղարուեստական գրութիւններ (Stories), հարցազրոյցներ (Interviews), քննական ակնարկներ (Analyses), արուեստի եւ մշակոյթի մէջ իրագործումներ կատարած անձերու արժեւորումներ (Profiles), ինչպէս նաեւ՝ լուսանկարներով պատմուած նիւթեր (In pictures)։
Your stage
ԽմբագրելYour stage-ը փորձարկութեան վայր մըն է, ուր Multimedia guide մասին մէջ կը ներկայացուին լսատեսողական միջոցներով իրականացած արուեստի գործեր, իսկ Submissions մասին մէջ նորահաս թէ հաստատուած արուեստագէտներու կը տրամադրուի իրենց ստեղծագործական աշխատանքը ծանօթացնելու վայր մը։ Your stage-ի Collaborations մասին մէջ բեմը կը կեդրոնանայ յատուկ նիւթերու վրայ եւ գործակցաբար ծրագիրներ կ՚իրականացնէ զանազան մարզերու մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներու, գրագէտներու, մշակութային գործիչներու, ուսանողներու եւ նորաւարտներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպութիւններու, հիմնարկներու եւ տարբեր գաղութներէ հայերու։
Բեմը նաեւ ունի Live streaming-ի անկիւն մը, ուր կը կատարէ աշխարհի տարածքին հայկական մշակութային իրադարձութիւններու կենդանի սփռումներ։[5]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Staff Weekly (2019-05-23)։ «Hamazkayin Launches h-pem»։ The Armenian Weekly (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-01-31
- ↑ «H-Pem: Hamazkayin’s Monumental Online Project To Reach Armenian Youth Across The Globe»։ Toronto Hye (en-US)։ 2019-07-05։ արտագրուած է՝ 2020-01-31
- ↑ «Հարցազրոյց h-pem.com-ի Տնօրէն Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանի Եւ Յանձնախումբի Անդամ Վաչէ Փափազեանի Հետ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (Արեւմտահայերէն)։ 2019-06-11։ արտագրուած է՝ 2020-01-31
- ↑ «What's h-pem? - h-pem.com»։ www.h-pem.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-01-31
- ↑ «Hamazkayin Launches the H-Pem Online Armenian Cultural Platform»։ Asbarez.com (en-US)։ 2019-05-23։ արտագրուած է՝ 2020-01-31