Half Wild, 2015 թուականին հրատարակուած, պատանիներու երեւակայկան վէպ մըն է: Գրուած է Անգլերէնով՝ Սալի Կրինին կողմէ[1], եւ երկրորդ գիրքն է այս վիպաշարին մէջ։ Հրատարակուած է 24 Մարտ, 2015 թուականին, Անգլիոյ մէջ, եւ շարունակութիւնն է Half Bad վէպին որ հրատարակուած է 2014 թուականին:

Half Wild
Հեղինակ Սալի Կրին
Լեզու Անգլերէն
Հերթական թիւ 2
Ոճ Երեւակայութիւն
Հրատարակող Puffin Books (Անգլիա) Viking Press (ԱՄՆ)
Հրատարակչական թուական
24 Մարտ, 2015 (Անգլիա)
Գիրքի տեսակ Վիպաշար
Նախորդ գիրք Half Bad
Յաջորդ գիրք Half Lost

Վէպը կը պատմէ Նաթանին կեանքին մասին, ուր ան արդէն ստացած է 3 նուէրները իր հօր՝ Մարքուսին կողմէ որ կը նկատուի կախարդական աշխարհին ամէնէն վտանգաւոր ու վայրագ կախարդը[2]: Պատմութիւնը կը խօսի Նաթանին կարողութիւններուն եւ տարբեր որոշումներուն մասին:

Շարունակութիւն Խմբագրել

Half Bad վիպաշարին՝ Half Wild վէպին յաջորդ եւ վերջին գիրքն է Half Lost-ը որ հրատարակուած է Մարտ, 2016 թուականին[3]:

Կերպարներ Խմբագրել

  • Նաթան Պայրըն, 17 տարեկան կէս ճերմակ կէս սեւ կախարդ պատանին, որ պատմութեան գլխաւոր կերպարն է:
  • Կապրիէլ, սեւ կախարդ մը որ սիրահարուած է Նաթանին:
  • Մարքուս Պայրըն, Նաթանին հայրը որ ամէնէն վտանգաւոր սեւ կախարդն է ու սպանած է Նաթանին խորթ հայրը: Ան նաեւ գողցած է ուրիշ կախարդներու նուէրները անոնց սպաննելով:
  • Սիլիա, ճերնակ կախարդուհի մը որ եղած է Նաթանին առաջնորդը:
  • Մերքուրի, զօրաւոր սեւ կախարդուհի մը որ կրնայ իշխել եղանակը:
  • Վան, սեւ կախարդուհի մը որ իր նուէրն է ստեղծել զօրաւոր դեղաջուրեր:
  • Նեսպիթ, կէս սեւ կախարդ եւ կէս մարդ: Ան Վանին օգնականն է:
  • Սօլ Օպրայըն, Անալիզին հօրեղբայրը եւ ճերմակ կախարդներու առաջնորդը:
  • Ուալլենտ, գէշ ու վատ ճերմակ կախարդը որ Սօլին օգնականն է:
  • Անալիզ, Նաթանին սիրուհին որ փախչած է իր վատ ընտանիքէն:
  • Ճեսիքա, Նաթանին մեծ խորթ քոյրը որ չսիրեր անոր:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. JJ McConnachie։ «Interview: Sally Green, author of Half Bad»։ nzbooklovers.co.nz։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-02-11-ին։ արտագրուած է՝ 2015-02-11 
  2. «Half Wild (Half Life Trilogy #2)»։ Goodreads։ Penguin Books։ արտագրուած է՝ 2015-06-21 
  3. Green Sally։ «Half Lost (Half Bad Trilogy #3)»։ Goodreads։ Penguin Books։ արտագրուած է՝ 21 June 2015