The Perks of Being A Wallflower (գիրք)
The Perks of Being a Wallflower (Առանձնութեան Առաւելութիւնները), նոր պատանի դարձած տղու մը մասին վէպ է Ամերիկացի գրագէտ Սթիվըն Չպոսքիի կողմէ գրուած: Առաջին անգամ հրատարակուած է 1 Փետրուար 1999-ին Pocket Booksի կողմէ։
Հեղինակ | Սթիվըն Չպոսքի |
---|---|
Երկիր | ԱՄՆ |
Լեզու | Անգլերէն |
Հրատարակուած | Փետրուար 1, 1999 |
Հրատարակող | Pocket Books |
Գիրքի տեսակ | Գիրք եւ audio-գիրք |
Էջ | 256 |
ISBN | 0-671-02734-4 |
Գիրքին պատմիչը ամչկոտ պատանի տղայ մըն է, անունը Չառլի, որ իր զգացումները նամակներ գրելով կ'արտայայտէ անծանօթ անանուն մէկուն։ Պատմութիւնը տեղի կ'ունենայ 1990-ական թուականներուն եւ կը հետեւի Չառլիի նոր երկրորդական դպրոցական բաժնի մուտքը եւ ասպարէզը։ Կարդացողը կը սկսի հասկնալ, թէ Չառլին շատ ուշիմ ու խելացի է, սակայն նաեւ ամչկոտ եւ անժողովրդկան։
Սթիվըն Չպոսքիի հետ տեւեց 5 տարի որպէսզի The Perks of Being a Wallflower-ը հրատարակէ, առնելով բաժիններ եւ անձնաւորումներ իր անձնական կեանքէն եւ յիշատակներէն։ Վէպը կ'անցնի Ամերիկացիի մը պատանեկան կեանքի սովորական երեւոյթներէն ինչպէս ներադարձութիւն, սիրային կեանք եւ թմրեցուցիչի գործածութիւն։
Գիրքին մէջ նաեւ յիշուած են ուրիշ գրականական գործեր, ֆիլմեր եւ եղանակներ։[1]
Թէեւ Չպոսքիի առաջին գիրքը ըլլալով յաջողեցաւ հասնիլ բարձրութեան մը, տարբեր դպրոցներու մէջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ արգիլուեցաւ գիրքը իր պարունակութեան պատճառաւ եւ ստացաւ զանազան քննադատումներ գրական քննադատներու կողմէ։ 2012-ին, դարձաւ բեմադրիչ իր այս գիրքին եւ ստեղծեց ֆիլմը, բուն դերակատուրութիւնները տալով Լոկըն Լըրմընի (Չառլի), Էզրա Միլլըրի (Փաթրիք) եւ Էմմա Ուաթսընի (Սէմ): Ֆիլմը վէպին տուաւ աւելի բարձրութիւն քան արդէն ստացած էր, դարձնելով այդ The New York Times Best Seller:[2]
Պատմութիւնը
ԽմբագրելՊատմութիւնը կը սկսի լուռ, զգայուն 15 տարեկան տղեկով մը, Չառլի, որ կը գրէ նամակներ իր կեանքի մասին անանուն անծանօթի մը։ Չառլին կ'ըսէ, թէ ինք այս անձը զատած է, որուն պիտի գրէ, որովհետեւ ան բարի էր եւ ամէն ըրածներուն պիտի չխօսի, որովհետեւ ամէն մարդ կը սխալի։ Անոր կը գրէ իր առաջին տարուան մասին երկրորդական դպրոցական բաժնին մէջ, գօտեմարտելով նախապէս իր կեանքի մէջ տեղի ունեցած վիրային դէպքերը՝ իր միակ դպրոցի ընկերոջ, Մայքըլի, անձնասպանութիւնը, որմէ մէկ տարի առաջ իր ամենաշատ սիրած մօրաքոյրը, Հէլէնը, կը մահանայ երբ Չառլիի Կաղանդի նուէրը բերելու գացած էր։
Իր անգլերէն լեզուի ուսուցիչ Պրն. Անտըրսընը նշմարելով Չառլիի սէրը գիրքերու եւ գրականութեան հանդէպ, անոր կը նշանակէ դպրոցի ծրագրէն դուրս գիրքեր։ Թէեւ ինք հակաընկերական է, 2 աւարտական դասարանէն անձեր իր հետ լաւ ընկեր կը դառնան։ Մէկը՝ Փաթրիք, միասերական մը, որ յարաբերութեան մէջ է գաղտնօրէն միասերական Պրէտի հետ, իսկ միւսը՝ Սէմ, Փաթրիքի խորթ քոյրը։
Չառլին շուտով կը սիրահարի Սէմի, որ անուղղակիօրէն ալ կը յայտնէ իր սէրը Չառլիի հանդէպ (երբ Սէմը կ'ըսէ Չառլիի, թէ անոր յաջորդ համբուրողը իրեն կը սիրէ շատ, եւ կը համբուրէ Չառլիին):
Այդ պատմութեան զուգահեռագիծ, Չառլի կը տեսնէ իր քրոջ ապտակը անոր ընկերոջ կողմէ, բայց քոյրը կը խնդրէ որ ոչ մէկ բան ըսէ իր ծնողքին, սակայն Չառլիին բերնեն կը փախի Պրն. Անտըրսընի հետ խօսած ժամանակ, որ ուսուցիչը լուր կու տայ Չառլիի ծնողքին այն առարքին մասին։ Այս առարքէն ետք, Չառլիի ու իր քրոջ յարաբերութիւնները կը վատանան։ Հետեւաբար, կ'իմանայ, թէ քոյրը յղի էր եւ կը ստիպուին համաձայնիլ որպէսզի երթան եւ բեկանեն հյղութիւնը։
Չառլի կ'ընդունուի Սէմի եւ Փաթրիքի ընկերներու խումբին կողմէ, ինչ որ Չառլիի առիթը կ'ընծայէ ծխելու ծխախոտ, խմելու խմիչքներ եւ փորձելու տարբեր տեսակի թմրեցուցիչներ։ Ընկերներուն հետ լաւ ժամանակ անցնելով, ան կը սկսի աւելի լաւ կառավարել իր նախկին վատ յիշատակներու մտաբերումը։
Մէրի Էլիզապէթ անունով աղջիկ մը, որ իրենց ընկերներու խումբէն էր, Չառլիին կը հրաւիրէ խրախճանքի մը, ուր յարաբերութիւն մը կ'ունենան, սակայն Չառլին, երբ անոր կը հարցուի, թէ ամէնէն գեղեցիկ աղջիկը սենեակին մէջ ով էր, ան կը դառնայ Սէմի, ինչ որ Մէրի Էլիզապէթին տրամադրութիւնը բոլորովին կը քանդէ։
Դպրոցը վերջանալու շրջանին, Չառլին չի կրնար իր միտքէն հանել Սէմի ու Փաթրիքի քաղաքը լքման մտածումը, համալսարանի համար։ Իսկ երբ դպրոցը կը վերջանայ, Սէմը լուր կ'ունենայ, թէ իր ընկերը որու հետ յարաբերութիւն ունի՝ թաւաճան էր, կը զայրանայ ու կը յայտնէ Չառլիի, որ ինքն էր սխալը միշտ եւ պէտք էր աւելի հետաքրքրուած ըլլար իր ընկերոջ տարբեր ժամանցներուն մասին։
Գիրքին վերջաբանին մէջ, Չառլին կը գտնուի, իր ծնողքին կողմէ, ուղեղային անդամալուծուած վիճակի մը մէջ։ Մտային հիւանդանոցին մէջ կը հասկնանք, թէ իր մօրաքոյր՝ Հէլէնը անոր բռնաբարած է կանուխ տարիքէն, ինչ որ կը մղէ Չառլիի սիրահարումը իր մօրաքրոջ հետ, ինչ որ արդիւնքը յիշատակներն են իր մահուան։ Այս մտային խանգարումն էր որ իր վատ յիշատակները ետ կը բերէր։ 2 ամիս ետք արդէն իրեն իրաւունքը կու տան, որպէսզի հիւանդանոցէն այլեւս դուրս գայ։ Սէմը եւ Փաթրիքը կ’այցելեն Չառլիի եւ անոր կը տանին իրենց սիրած կամուրջը՝ ինքնաշարժով շրջելով։