«Միսթըր» Ուղտի Մրցանք

«Միսթըր» Ուղտի Մրցանքը, կը կազմակերպուի ամէն տարի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ապտել Ազիզ թագաւորի փառատօնի ընթացքին, ուր աշխարհի չորս կողմերէն եկած ուղտի անասնաբոյծներ կը հաւաքուին:

Մրցանքին ընթացքին կ'ընտրուի ամէնէն գեղեցիկ ուղտը, որ կ'անուանուի «Արաբիոյ ուղտը», եւ ան կրնայ իբրեւ վարձատրութիւն ստանալ մինչեւ 66 միլիոն տոլար:

Ուղտի մը գեղեցկութիւնը արժեւորելու համար դատաւորները կը նային անասունին շրթունքներուն, վիզին եւ սապատին ձեւին եւ չափին: Որպէսզի իրենց ուղտը աւելի մօտենայ դատաւորներուն գեղեցկութեան չափանիշներուն, անասնաբոյծները իրենց անասունը կը կերպարանափոխեն:

Կարգ մը ուղտերու տէրեր պիտի մեծցնեն իրենց անասունին շրթունքները, կամ անոր սապատին աւելի կլոր ձեւ կու տան` անոր մարմինին մէջ յատուկ նիւթեր ներարկելով: Ուրիշ տէրեր կը գործածեն միջոցներ, որոնք անասունը իսկապէս կը տառապեցնեն: Անոնք շատ տոկուն ձգախէժէ երիզներ կը կապեն անասունին մարմինին կարգ մը բաժիններուն վրայ` մկանները երկարելու համար: Այս պատճառով է, որ քանի մը տարիներէ ի վեր անասունները շատ մանրակրկիտ քննութիւններու կ'ենթարկուին, որպէսզի փաստուի, թէ անոնք հարիւր առ հարիւր բնական են: Մրցանքին ընթացքին անոնք կը տողանցեն անասնաբոյծներու առջեւ. այս վերջինները կը հսկեն եւ կ'ուսումնասիրեն անասուններուն քալած ձեւը: Ապա ուղտերը կ'անցնին մեքենաներու մէջէն, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ անոնց մարմնին մէջը տեսնել եւ վստահ ըլլալ, որ ներարկուած ո՛չ մէկ նիւթ գոյութիւն ունի: Պատահած է, որ 43 ուղտ մրցանքէն դուրս մնացած է խարդախութեան պատճառով: Անասուններու պահպան միութիւնները կը պահանջեն, որ այդ անասուններուն տէրերը խստօրէն պատժուին[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել