«Քէյ» կենսանիւթ

«Քէյ» կենսանիւթ (Vitamin K), այս կենսանիւթը առաւել կամ նուազ չափով կը գտնուի գրեթէ բոլոր բանջարեղէններուն մէջ[1]:

Այս կենսանիւթը նաեւ կը գտնուի մարդկային մարմինէն ներս, իսկ անոր պակասը պատճառ կ'ըլլայ վտանգաւոր արիւնահոսութիւններու:

«Քէյ» կենսանիւթին դերը

Խմբագրել

Այս կենսանիւթը մարմինին մէջ երկու կարեւոր դեր կը կատարէ: Ան նախ կ'աւելցնէ արեան լերդանալու յատկութիւնը, իսկ երկրորդ, կ'ուժեղացնէ մազերակներու դիմադրական կարողութիւնը[2]:

Առաւել նորածին երեխաներու մօտ է որ «K» կենսանիւթի պակասը զգալի կ'ըլլայ: Երբ փոքրիկը աշխարհ կու գայ, ան արդէն զանազան կենսանիւթերու պահեստ մը ունի իր լեարդին եւ այլ կարեւոր գործարաններուն մէջ: Ասոնց կարգին, յաճախ «Քէյ» կենսանիւթն է, որ անհրաժեշտ քանակէն պակաս կը գտնուի: Աղիքները քիչ պատրաստած են անկէ, ու երբ մօրը կաթին մէջ ալ զգալի ըլլայ այդ կենսանիւթին պակասը, այլեւս արիւնահոսութիւնները հաւանական կը դառնան՝ երեխայի մարսողական գործարաններուն եւ նոյնիսկ գանկոսկրին մէջ:

Այս պարագային բաւական կ'ըլլայ «Քէյ» կենսանիւթի սրսկում մը կատարել, եւ կամ առատ կենսանիւթ պարունակող քիչ մը թարմ արիւն ներարկել նորածինին, եւ արիւնահոսութեան ախտանշանները կ'անհետանան:

Լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառներէն մէկն ալ «Քէյ» կենսանիւթի պակասը կը նկատուի` տրուած ըլլալով, որ առաւելապէս լեարդն է, որ իր մէջ կ'ամփոփէ այդ կենսանիւթը: Երբ զանազան պատճառներով այդ կարեւոր գործարանը իր պաշտօնին մէջ կը թերանայ, բնական կը դառնայ նաեւ կենսանիւթի կտրուիլը:

Դալկութեան կարգ մը տեսակները հետեւանք են «Քէյ» կենսանիւթի պակասին: Երբ աղիքներուն մաղձ փոխադրող խողովակը մասնակի եւ կամ ամբողջական խցման կ'ենթարկուի, այլեւս կենսանիւթը չ'անցնիր արեան մէջ, եւ անոր պաշարին պակսելուն հետեւանքով, տեղի կ'ունենայ արիւնահոսութիւն:

Լեարդի «սիրոզ»ի պարագային, ոչ թէ մաղձի պակասն է, որ «K» կենսանիւթի քանակը կը նուազեցնէ մարմինէն ներս, այլ նոյնինքն լեարդի բջիջներուն վնասուելուն եւ փճանալուն հետեւանքով է, որ այդ կենսանիւթը կը նուազի եւ արեան լեարդացումը այլեւս անհրաժեշտ չափով տեղի չ'ունենար:

Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ «Քէյ» կենսանիւթի գլխաւոր ամբարը եղող լեարդը պէտք է պահուի առողջ վիճակի մէջ: Իսկ երբ ան հիւանդ վիճակի մէջ կը գտնուի, անհրաժեշտ է «Քէյ» կենսանիւթի սրսկումներուն ապաւինիլ:

Իբրեւ կանխարգելիչ միջոց, այն մայրերը, որոնք անցեալին մէջ արիւնահոսութեան ենթակայ երեխաներ ունեցած են, պէտք է «Քէյ» կենսանիւթի ներարկումներ ստանան կանոնաւոր կերպով[3]:

Յայտնաբերում

Խմբագրել

1929-ին, Քօփէնհակնի տարրալուծարաններուն մէջ յայտնաբերուած է «Քէյ» կենսանիւթը:

Կարգ մը անասուններ, որոնք սննդառութեան փորձերու կ'ենթարկուէին, յանկարծ արիւնահոսութիւն կ'ունենան, երբ անոնց տրուած իւղոտ ուտելիքները կ'ենթարկուին սեղմումի: Գիտնականները կը փորձեն այդ արիւնահոսութիւը կասեցնել՝ «Էյ» («A»), «Տի»(«D») եւ «Սի»(«C») կենսանիւթերով, սակայն ապարդիւն: Իսկ երբ կենդանիներուն կը տրուի «լիւզերին» կոչուած տունկին տերեւները, անոնք անմիջապէս կ'ապաքինին: Քիմիական փորձերը ցոյց կու տան, որ այդ տունկին տերեւները իրենց մէջ «Քէյ» կենսանիւթ կը պարունակեն:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Dam, H., Researches in Vitamin K, In: Pespectives in Biological Chemistry (RE Olson, ed.), Marcel Dekker, 1970. The Nobel Prize winner recounts the history of the discovery of Vitamin K.
  • Suttie, J.W., Vitamin K, In: Handbook of Lipid research: The fat-soluble vitamins (HF DeLuca, ed.), Plenum Press, 1978. Outstanding review of Vitamin K research from 1930—1978 by one of the leaders in the field.
  • David A. Bender, Nutritional biochemistry of the vitamins, Cambridge University Press, 2003
  • G. F. M. Ball, Vitamins: their role in the human body, Blackwell Science, 2004
  • Gerald F. Combs, The vitamins: fundamental aspects in nutrition and health, Academic Press, 1998

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել