Ազնիւ Թաթայեան (1864, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1929), թատերական-մշակութային գործիչ, հայ վաստակաւոր դերասանուհի:

Ազնիւ Թաթայեան
Ծնած է 1864
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1929
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն դերասանուհի
Ամուսին Արամ Մնակեան
Ծնողներ Հայր՝ Նշան Մնակեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս 1864-ին: Ան դուստրն էր Նշան Մնակեանի: Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1885-ին, Շէհզատէպաշըի թատրոնին մէջ, իր քրոջ՝ Զարուհի Թաթարեանի հետ: Ծառայած է Մնակեան թատերախումբին մէջ։ Ամուսնացած է Մնակեանի զաւակին՝ Արամի հետ: Մնակեան խումբին քայքայումէն ետք, ան մաս կազմած է Տարիւլպէտայի թատերախումբին եւ զանազան ներկայացումներով բեմ բարձրացած:

Ազնիւ Մնակեան ընդհանրապէս ստանձնած է չար, կոպիտ եւ գոռոզ կնոջ դերեր: Ան անզուգական էր կեսուրի դերերու մէջ, վարպետօրէն կը ներկայացնէր թէ՛ հայ եւ թէ՛ թուրք կեսուրի կերպարները: Իր դերերէն կարելի է յիշել՝ Էլէոնորա «Տալիլա», Օլիմփ «Վրէժխնդիր մայրը», Ժանն «Հացագործ Կինը», Մարկրիթ «Մուրացկան Կինը», Սիւզանէ «Ճշմարիտ Ապաշաւ», Մարի «Նախանձոտը», Ատէլ «Կնոջ մը Տասնամեայ Կեանքը», Ռոզալի «Կարմիր կամրջի Ոճիրը»:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել