Աղքատութեան Վերացման Միջազգային Օր

Աղքատութեան վերացման միջազգային օր (անգլերէն՝ International Day for the Eradication of Poverty), Հոկտեմբեր 17-ին կը յիշատակուի Աղքատութեան վերացման միջազգային օրը:

Աղքատութեան Վերացման Միջազգային Օր

Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 17 Հոկտեմբեր
Հաստատուած 29 Հոկտեմբեր 2003
Անուանուած է աղքատություն?
Հիմնադիր Joseph Wresinski? եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն
Կայք Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-zh" does not exist։

Պատմութիւն Խմբագրել

Այս օրուան պատմութիւնը կապուած է 1987 թուականի Հոկտեմբեր 17-ի հետ[1], երբ այդ օրն հաւաքուած են աւելի քան հարիւր հազարաւոր մարդ՝ Փարիզի Թրոքատերոյի Մարդկային իրաւանց հրապարակին վրայ, ուր 1948 թուականին ստորագրուած էր Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը՝ որպէս յարգանքի տուրք ծայրահեղ աղքատութեան, բռնութեան ու սովի մատնուած մարդոցց:

ՄԱԿ-ը 1992 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին ընդունուած իր հռչակագիրով Հոկտեմբեր 17-ը հռչակած է Աղքատութեան վերացման դէմ պայքարի միջազգային օր[2] ու կոչ ուղղած բոլոր պետութիւններուն այս օրը աղքատութեան դէմ պայքարելու:1993-էն ի վեր (բանաձեւ 47/196)[3] տարբեր դասակարգերու, համոզմունքներու եւ ընկերային տարբեր շերտերու պատկանող մարդիկ ամէն տարի Հոկտեմբեր 17-ին կը հաւաքուին՝ հաստատելու իրենց դիրքորոշման անփոփոխութիւնը եւ չքաւորներուն ցոյց տալու իրենց համերաշխութիւնը, յիշատակելու Աղքատութեան վերացման միջազգային օրը:

2000 թուականին կայացած ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին, բազմաթիւ երկիրներու առաջնորդներ վճռած են մինչեի 2015 թուական մասամբ մը կրճատել ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ապրող մարդոց թիւը: Իրադրութիւնը յատկապէս մտահոգիչ է քիչ զարգացած երկրներու պարագային:

Այսօր գրեթէ մէկ միլիարդ մարդ սովի մատնուած է: Մոլորակի բնակչութեան 80 տոկոսը ընկերային պաշտպանութիւն չունի, որ կ՛օգներ յաղթահարել կենսական վտանգները:

Աղքատութեան Սահմանումը Խմբագրել

Աղքատութիւնը, գլխաւորապէս, տնտեսական ու հասարակական երեւոյթ է, բայց ունի նաեւ հոգեւոր-մշակութային եւ քաղաքական արմատներ: Բացի այդ, տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ տարբեր պայմաններու մէջ աղքատութեան տարատեսակ դրսեւորումներուհետ մարդիկ բախուն ունեցած են, զոր մեծ ազդեցութիւն ունեցած է անոնց հոգեկան ներաշխարհին վրայ: Միաւորուած ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակույթի կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սահմանմամբ, աղքատութիւնը մարդոց եկամուտի, ինքնագնահատականի, կրթութեան ու հասարակական որոշումներուն մասնակցութեան հնարաւորութեան լիովին կամ մասնակի բացակայութիւնն է: Իսկ որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով, աղքատութիւնը մարդկային հիմնական կարիքներու զրկուածութիւնն է: Այս հիմնական կարիքներուն մէջ կը մտնեն բաւարար քանակի ուտելիքի ու ջուրի հասանելիութիւնը, համապատասխան բնակարանի ու խնամքի պայմաններու ապահովուածութիւնը անհատին ու անոր ընտանիքին համար, հասարակական զբաղուածութիւնը[4]:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել