Աղօթքի Ընկոյզ
Աղօթքի ընկոյզ (անգլ.՝ prayer nuts), 10-16-րդ դարերուն Հիւսիսային Եւրոպայի, յատկապէս Հոլանտայի մէջ մեծ տարածում ունեցող փայտէ պատրաստուած մանրանկարչական արտադրանքի տեսակ:
Աղօթքի ընկոյզը գնդաձեւ է եւ կազմուած է իրարու միացած երկու մասերէ, որոնց շնորհիւ փայտէ գունդը կը նմանի ընկոյզի կճեպի: Գունդին ներսի հատուածին մէջ փորագրուած մանրաքանդակները կը պատրաստուէին տօսախէ եւ կը պատկերէին աստուածաշնչեան պատմութիւններ, առաւելաբար՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան հետ կապուած դրուագներ:
Պատրաստութիւն
ԽմբագրելՏօսախը փայտագրութեան համար լաւ հում նիւթ է, թէեւ փայտի այս տեսակին օգտագործումը արտադրանքը կը սահմանափակէ փոքր չափերու: Տօսախը ունի համաչափ կարծրութիւն, դիմացկուն է կոտրուածքներու եւ ճեղքուածքերու նկատմամբ: Աղօթքի ընկոյզներու մեծամասնութիւնը տօսախէ պատրաստուած է, թէեւ կը հանդիպին նմանօրինակ արտադրանքներ՝ պատրաստուած արծաթէ եւ զարդարուած ջնարակով:
Տօսախէ մանրանկարներու մանրազննին աշխատանքը շատ իւրայատուկ է. որոշ արտադրաքներու վրայ տեսանելի է այնպիսի մանրագոյն մանրամասն հիւսուածք, ինչպիսին են հրեշտակի թեւերու փետուրներ, վիշապի թեփուկներ, հագուստի ձեւուածքի յարդարում եւ զարդեր: Արտադրանքներու մանրամասնութիւններու առատութեան, ծաւալին ու փոքր չափին պատճառով սովորական լուսանկարը ընդունակ չէ զանոնք որակեալ դրօշմելու, հետեւաբար, աղօթքի ընկոյզներու պատկերները կը հաւաքեն համակարգիչով՝ տարբեր կիզակէտերով առնուած լուսանկարներէ[1]:
Արուեստաբաններու գնահատմամբ, աւարտուած արտադրանքի պատրաստութեան մը համար կրնար ծախսուիլ մինչեւ 30 տարի, այսինքն՝ վարպետի մը ամբողջ ասպարէզը, եթէ ան միայնակ աշխատէր[2][3]: Այդ իսկ պատճառով ընկոյզները եւ նմանատիպ մանրանկարչական արտադրանքները չափազանց սուղ էին եւ միայն իրենց ժամանակի ամենահարուստ մարդիկ՝ ազնուականները եւ իշխանական ընտանիքներու ներկայացուցիչները կրնային իրենց թոյլ տալ գնել զանոնք:
Աղօթքի ընկոյզները ճոխութեան եւ սեփականատիրոջ դիրքին խորհրդանիշն էին, հետեւաբար հասանելի չէին բոլորին ու կ'արտադրուէին շատ քիչ քանակով: Յայտնի է, որ տօսախէ մանրաքանդակներ ունէին Անգլիոյ արքայ Հենրի Թ. եւ անոր կինը՝ Քեթրին Արակոնացին, Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան կայսր Քարլ Զ. եւ Պաւարիայի հերցոգ Ալպերթ Ե.: Որոշ արտադրանքներ կը ներառեն իրենց առաջին սեփականատէրերուն անուններուն սկբզնատառերը կամ զինանշանները:
Հաւանաբար, իւրաքանչիւր արտադրանքի վրայ աշխատած է քանի մը վարպետ՝ իր օգնականներուն հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու էր աշխատանքի իր հատուածին համար: Մանրաքանդակները կը պատրաստուէին քանի մը մասէ, ապա կը միացուէին եւ կը սոսնձուէին փայտէ հիմքին վրայ։ Անոնց մեծ մասին հեղինակներուն անունները յայտնի չեն. մեզ շատ քիչ հասած անուններէն մէկը Adam Dirksz Hinderduyn (1570-1640) է:
Արտադրանքի այլ տեսակներ
ԽմբագրելՀամրիչներու գնդաձեւ կախազարդերը կը հանդիսանան տօսախէ մանրանկարչութեան ամենատարածուած ձեւը, սակայն յայտնի են նաեւ նմանատիպ արտադրանքի այլ տեսակներ։ Անոնք գլխաւորաբար եռապատկերներ եւ երկթեւ սրբանկարներն են, ինչպէս նաեւ մանրանկարչական փորագրմամբ դագաղներ[4], արձաններ եւ նոյնիսկ՝ անուշահոտ իւղերու[5] սրուակներ:
-
Մանրանկարչական դագաղ, Հոլանտա, 16-րդ դարու սկիզբ
-
Մանրանկարչական եռապատկեր. Հոլանտա, 16-րդ դարու սկիզբ
-
Եռապատկեր, ձախ փեղկ
-
Եռապատկեր, աջ փեղկ
-
Փորագրուած ստուարատախտակ, Սպանիա, 15-րդ դար:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ The study of boxwood prayer beads and miniature altars from the Thomson Collection at the Art Gallery of Ontario and the Metropolitan Museum of Art Archived 2017-02-12 at the Wayback Machine. American Institute for Conservation
- ↑ Ellis, Lisa; Suda, Alexandra. «Small Wonders: Gothic Boxwood Miniatures». Art Gallery of Ontario, 2016, р. 28
- ↑ McConnell, Sophie. «Metropolitan Jewelry». New York: Metropolitan Museum of Art, 1991, р. 69
- ↑ Миниатюрный гроб на сайте музея Метрополитен
- ↑ Резной флакон на сайте Британского музея
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Աղօթքի «ընկոյզներ». փայտէ պատրաստուած միջնադարեան մանրանկարներ
- The Ornate Carvings Hidden In Medieval Prayer Nuts
- Carved wooden Prayer Nuts from 16th century
- 16th Century 'Prayer Nut' Hide Miniature Carvings Archived 2017-08-01 at the Wayback Machine.
- The Prayer Nut
- https://www.nytimes.com/2016/11/04/arts/design/unlocking-the-secrets-of-boxwood-miniatures.html?_r=1