Ամպ, մթնոլորտին մէջ, Երկիրի մակերեւոյթէն որոշ բարձրութեան վրայ, ջուրի մանր կաթիլներու, սառցաբիւրեղիկներու եւ անոնց խառնուրդին կուտակումը։ Ամպի յառաջացման հիմնական պայմաններն են՝ ջերմափոխանցումը, վերընթաց հոսանքները, փոթորիկի փոխանակութիւնը եւ օդի ճառագայթին պատճառով սառեցումը, որուն հետեւանքով մթնոլորտին մէջ ջերմաստիճանը կը նուազի։

Երբ ամպ մը կ'ունենայ 0,5 կ ամէն խորանարդ մեթրէն մինչեւ 5 կ խորանարդ մեթրի խտութիւն, ան կրնայ կշռել մինչեւ 500 միլիոն լիթր ջուր:

Ամպերը, ըստ իրենց ստորին սահմանին բարձրութեան, կը բաժնուին երեք յարկերու, ըստ ձեւի՝ Տասը տեսակի։ Վերին յարկին (բարձրութիւնը՝ աւելի քան 6 քմ) կը պատկանին փետրաւոր, փետրաշերտաւոր եւ կուտակուած փետրաւոր ամպերը, միջին յարկին (բարձրութիւնը՝ 2 քմ)՝ բարձր շերտաւոր, բարձր կուտակուած ամպերը, ներքին յարկին (բարձրութիւնը՝ մինչեւ 2 քմ)՝ շերտաւոր, կուտակուած շերտաւոր եւ շերտաւոր անձրեւային ամպերը։ Կը տարբերին նաեւ ուղղաձիգ զարգացման ամպեր (կուտակուած անձրեւային), որոնց ներքին սահմանը սովորաբար բաւական ցած է, իսկ վերինը երբեմն կը հասնի մինչեւ վերնոլորտ։ Ըստ ծագման՝ ամպերը ունին երեք դասակարգում՝ կուտակուած, ալիքաւոր եւ շերտաւոր։

Կուտակուած Ամպեր

Խմբագրել
 

Կուտակուած ամպերու յառաջացման հիմնական պատճառներն են՝ օդի ջերմափոխանցումը եւ ջերմութեան փոթորիկի փոխանակութիւնը. հիմնականին մէջ կը յառաջանայ ցամաքի վրայ՝ տարուան տաք կէսին։ ՀՀ տարածքին յաճախ տեսանելի են Շերտակուտակուած եւ Բարձր կուտակուած ամպերը, Փետրաւոր ճանկանման ամպերը, Փետրաւոր մանրաթելային ամպերը, Բարձր Կուտակուած ամպերը, Կուտակուած անձրեւային ամպերը եւ Շերտակուտակուած ամպերը, որոնց կրկնողականութիւնը տարուան ընթացքին 40-50% է։ Կուտակուած անձրեւաբեր ամպերը յաճախ կ'ուղեկցին անձրեւներով, կարկուտով, բայց գլխաւորաբար կը դիտուին Արարատեան դաշտին, Զանգեզուրի, Սեւանայ լիճի աւազանին մէջ եւ այլուր։

Ալիքաւոր Ամպեր

Խմբագրել
 
Ալիքաւոր ամպեր
 
Կեդրոն

Ալիքաւոր ամպերու յառաջացումը կապուած է շրջադասային շերտերու առկայութեան հետ։ Ասոնց վերի եւ ստորին սահմաններուն կը տեսնուին ուղղութեամբ եւ արագութեամբ խիստ տարբեր օդային հոսանքներ, որոնք նաեւ կը յառաջացնեն ալիքային շարժումներ։ Ալիքաւոր ամպերու յառաջացումը կը նպաստէ նաեւ ցամաքի մակերեւոյթին։ Իրարու յաջորդող լեռներու եւ հովիտներու վրայէն անցնող օդային հոսանքները կը յառաջացնեն ալիքային շարժումները եւ մթնոլորտի բաւարար խոնաւութեան պայմաններու մէջ ալիքաւոր ամպերու յառաջացման պատճառ կը դառնան։ Նման ամպեր կը դիտուին ձմրան՝ Սեւանայ լիճի աւազանին մէջ։

Շերտաւոր Ամպեր

Խմբագրել
 

Շերտաւոր ամպերը կը դիտուին տարուան ցուրտ կէսին՝ մրրիկներու տաք գօտիին մէջ եւ պայմանաւորուած են շրջադասային շերտերուն մէջ յառաջացող թոյլ վերընթաց հոսանքներով (5-10 սմ/վ) ու փոթորիկներով։ Շերտաւոր ամպերը լեռնային, բարդ բարձրաքանդակի պայմաններու մէջ յաճախ կը տարափոխուին կուտակուած ամպերու։

ՀՀ տարածքին մէջ տարուան ընթացքին մէջ յաճախ կը դիտուին շերտակուտակուած (40-50%), Բարձր Կուտակուած (30-40%), Փետրաւոր (որոնց առաւելագոյն կրկնողականութիւնը կը դիտուին գարնան եւ ձմրան՝(20-30%) ամպեր։ Երկնակամարը բազմայարկ ամպերով ծածկուած ըլլալու աստիճանը՝ ամպամածութիւնը, կ'արտայայտուի ուժգնութեամբ (10 աստիճանի ուժգնութեամբ)։ Երկինքը կը համարուի պարզ, երբ ամպամածութիւնը կը կազմէ 0-2, կիսապարզ՝ 3-7, ամպամած՝ 8-10 բալ։ Կը տարբերին ներքին եւ ընդհանուր (անկախ յարկէն) ամպամածութեան տեսակներ։ Ամպամածութիւնը ունի իր ցայտուն արտայայտուած օրական եւ տարեկան ընթացքը, որ լեռն, բարձրաքանդակի պայմաններու մէջ աչքի կ'իյնայ մեծ բազմազանութեամբ, ՀՀ-ի մէջ կը դիտուի հիմնականին մէջ 7-8 ամիս, յատկապէս հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ։

Ամպերուն կշիռքը

Խմբագրել

Պզտիկ քիւմիւլուս ամպ մը կը կշռէ մօտաւորապէս 1000-2000 թոն ջուր, իսկ մեծ ամպ մը կրնայ կշռել մինչեւ 50 հազարէն 300 հազար թոն, մինչ փոթորիկներու ամպերուն ծանրութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ մէկ միլիոն թոնի: Եւ վերջապէս, փոթորիկներու հսկայ ամպերը կրնան կշռել մինչեւ 25 միլիոն թոն: Ասիկա հաւասար է 50 յարկանի եւ 100 մեթր լայնք ունեցող շէնքի մը ծանրութեան[1]:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել