Այտա Ասլանեան
Այտա Ասլանեան, (1969, Պոլիս, Թուրքիա), որպէս անդամ Մխիթարեան Սանուց Միութեան «Նոր Սան» հանդէսի խմբագրական կազմին, կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ երիտասարդ բանաստեղծներու շարքին մէջ, տալով իր մտքի բաւական հասուն արգասիքը։
Այտա Ասլանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1969 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Ծնած է Պոլիս: Իր երկրորդական ուսումը ստացած է Մխիթարեան, Կէրիգիւղի միջնակարգ վարժարաններու եւ Էսայեան լիսէի մէջ. իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Իսթանպուլի Համալսարանի մէջ, աւարտելով գիտական բաժանմունքի կենսաբանութեան ճիւղը։
Այժմ կ'աշխատի տարրալուծարանի մը մէջ, իբրեւ կենսաբան։
«Նոր Սան»ի մէջ կը ստորագրէ նաեւ մշակութային գործունէութեանց շուրջ յօդուածներ, փորձագրութիւններ եւ այլն: Արժանացած է Մխիթարեան Սանուց Միութեան կողմէ կազմակերպուած հարցազրոյցի մրցումին Բ. Մրցանակին, ունենալով տեսակցութիւն մը Պոլսահայ հինգ արժէքաւոր երիտասարդներու հետ, «Սէր եւ Բարեկամութիւն» նիւթին շուրջ։
Սրտաբուխ է եւ ինքնատիպ՝ մանկիկի մը ուղղուած իր մէկ քերթուածը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։