Անգար կամ միկրէն, միակողմանի, կէս գլխացաւ է, որ կրնայ պատահիլ բոլոր տարիքներու, բայց աւելի յաճախակի է երիտասարդներու եւ իգական սեռի պատկանողներուն մօտ:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Անգարը ընդհանրապէս կը սկսի նախանշաններով, ինչպէս՝ յոգնութիւն, անտրամադիր վիճակ, ստամոքսի ցաւ, փսխունք, գլխապտոյտ եւ քրտինք: Ասոնց կը յաջորդէ միակողմանի գլխացաւը, որ կը սկսի անակնկալօրէն եւ կը սաստկանայ շատ արագ. ան հարուածային է եւ երբեմն կարծես ճնշումի եւ պայթումի զգացումներուն կը միանայ:

Անգարը կ'ընթանայ հետեւեալ հանգրուաններով.-

  1. Ուղեղաղին զարկերակներու (arteries) անակնկալ պրկում. այս շրջանին հիւանդը կարճ ժամանակի մը համար կ'ունենայ վերը նշուած անգարի նախանշանները
  2. Ուղեղային եւ գանկային զարկերակներու ընդլայնում. այս հանգրուանին հիւանդը կ'ունենայ գլխացաւ, որ կը տեւէ ժամեր եւ օրեր:
  3. Ուղեղային զարկերակներու վերադարձ բնականոն վիճակին. այս հանգրուանին կը մեղմանայ ու հետզհետէ կ'անհետանայ գլխացաւը:

Պատճառներ

Խմբագրել
  • Ընտանեկան հակամիտութիւն (predisposition) այս հիւանդութեան՝ անգարի հանդէպ:
  • Զանազան տեսակի մտահոգութիւններ:
  • Հոգեբանական վիճակ, ինչպէս՝ յուզում, վհատութիւն, ընկճուածութիւն, անքնութիւն, ախորժակի հարց, սեռային հարցեր, ընտանեկան անհամաձայնութիւն, ընկերային անհասկացողութիւն եւ զգացական խանգարումներ:
  • Դաշտանի ելեւէջներ, յղութեան դէմ կամ այլ նպատակներու համար գործածուած դեղեր (իգական սեռի մօտ):

Ախտաճանաչում Եւ Դարմանում

Խմբագրել

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Անգարի ախտաճանաչումը կ'ըլլայ․

  • բժիշկը հիւանդին ախտանշաններուն մասին լսելով
  • ապա բժշկական քննութեան արդիւնքներով:

Դարմանում

Խմբագրել

Անգարի վերջնական դարմանում մը չկայ, սակայն դեղերը կ'օգնեն գլխացաւի մեղմացման կամ զայն կանխարգիլելուն: Բժիշկը հիւանդին կը բացատրէ անգարի պատճառները կը վստահեցնէ ու անոր ոչ-վտանգաւոր բնոյթը: Բժիշկը հիւանդին պէտք է մտերմութիւն եւ անկեղծութիւն ցուցաբերէ զայն լսելով, անոր մանրակրկիտ բժշկական քննութիւններ կատարելով ու ապա անոնց արդիւնքներուն մասին խօսելով եւ բացատրել անգարի նախանշաններուն մասին: Յաճախ, մէկու մը վստահութիւն եւ անկեղծութիւն ցուցաբերելով հիւանդը կը ձերբազատուի հիւանդութենէն: Հիւանդը պէտք է ընդունի, որ այս հիւանդութիւնը կրնայ վերջնականօրէն չդարմանուիլ:

Անգարի կանխարգիլման համար դեղերը կարելի է բաժնել երեք խումբի.-

  1. Դեղեր, որոնք կը գործածուին գլխացաւը անմիջապէս սկսելէն ետք հիւանդին անմիջապէս օգնելու համար:
  2. Դեղեր, որոնք անգարի սկսելուն արգելք կը հանդիսանան:
  3. Դեղեր, որոնք կը գործածուին հոգեկան եւ ջղային երեւոյթները փարատելու համար:

Այս դեղերը կրնան գործածուիլ անջատաբար կամ միասնաբար՝ ըստ կարիքի:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  • Բժիշկին խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2011, էջ 182-183։