Անգլիոյ «Չաքլըթ Պոքս» պանդոկը
Անգլիոյ Պորնմաութ շրջանին մէջ «Չաքլըթ Պոքս» պանդոկը, ի պատիւ «Ուիլի Ուանքա էնտ տը Չաքլըթ ֆաքթըրիի» 1971-ի շարժապատկերին 50-ամեակին, կահաւորած է տուրմերով լեցուն յատուկ սենեակ մը:
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելՄէկ գիշերը 300 տոլարի արժող այս սենեակը առիթ կ'ընծայէ մտնելու տուրմէ աշխարհին մէջ: Այդ սենեակը կարելի է մտնել շնորհիւ ոսկի տոմսակի մը, ուր այցելուները առիթը կ'ունենան ձրիօրէն եւ անսահմանափակ քանակով համտեսելու տեսակաւոր տուրմեր, շաքարեղէններ եւ տաք ըմպելիներ:
Անգլիոյ այս պանդոկին այցելուները կրնան հանգստանալ մեծ անկողինի մը մէջ` հագուելով տուրմի գործարանին, Ուիլի Ուանքայի նախասիրած մանիշակագոյն տնային հագուստները եւ մուճակներ, գործածել տուրմի հոտով օճառներ եւ անուշահոտեր եւ նոյնիսկ մխրճուիլ տուրմով լեցուն լոգարանի մը մէջ:
Այս իւրայատուկ սենեակին պատերը ծածկող զարդարուած «թուղթն» ալ տուրմէ է, եւ կարելի է զայն լզել` երբ տուրմի պակասը կը զգացուի: Սենեակը օժտուած է նաեւ տուրմի «աղբիւրի» մեքենայով մը, ուր կարելի է թաթխել պտուղներ, «մարշմէլօ» եւ անուշեղէններ[1]: