Անդան Էօզէր
Առաջարկուած է այս եւ Էօզէր Անդան յօդուածները իրար միացնել: (քննարկում) |
Անդան Էօզէր | |
---|---|
Ծնած է | 1927 |
Ծննդավայր | Պոլիս |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Անդան Էօզէր (1927), հայ բանաստեղծ։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱնդան Էօզէր ծնած է Պոլիս։ Աւարտած է Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանը։ թԳրել սկսած է 1940-ին «Երջանիկ» տարեգիրքերուն մեջ։ Իր առաջին թատերախաղը՝ Պուղ Տօլապը ներկայացուած է Իսթանպուլի Պետական Ձայնասփիւռէն։
Իր պատմուածքներէն «Գողը» առաջին մրցանակի արժանացած է Կեդրոնական Սանուց Միութեան պատմուածքներու մրցանքին։
Իր «Սառնադարան» թատերգութիւնը հայերէնի թարգմանուած է եւ ներկայացուած՝ Թորոնթոյի մէջ։
Ա․ Էօզէր կ'աշխատակցի Պոլսահայ թերթերու եւ հանդէսներու։
Գործեր
ԽմբագրելՀրատարակած է հետեւեալ հատորները Պոլսոյ մէջ․
«Ահա Այսպէս» (բանաստեղծութիւններ, 1953)
«Ծածուկ Իրականութիւններ» (Պատմուածքներ․ 1984 Ա․ տպագրութիւն,1990 Բ․ տպագրութիւն)
«Առանձնութիւն» (բանաստեղծութիուններ, 1984)
պատմուածքներ, 1990։
Բազմակողմանի ձիրքերով ու գրելու բացառիկ դիւրութեամբ օժտուած կարեւոր արժէք մըն է Անդան Էօզէր․ թէ՛ բանաստեղծութեան եւ թէ նորավիպագրութեան մարզերուն մէջ ժողովրդականութիւն շահած սիրելի դէմք մը։
Իր բանաստեղծութիւնները մեծ հաճոյքով կը կարդացուին.․ պատմուածքները սրտագրաւ են իրենց անկեղծութեամբ ու սրամտութեամբ։ Իր գլխաւոր հերոսները կը կազմեն առ հասարակ զրկեալ եւ անիրաւուած մարդիկը։ Միւս կողմէ կը մարմնացնէ հարուստն ու ագահը, որ գիտեն շահագործել իրենցմէ տկարները։ Իր լեզուն ժողովրդական է ու դիւրամատչելի։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
ԽմբագրելՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։