Կաղապար:Ոճ


Էօզէր Անդան
Ծննդավայր Պոլիս
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ


Անդան Էօզէր, ծնած է Պոլիս։ Աւարտած է Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանը։ Գրելու է սկսած է 1940-ին «Երջանիկ» տարեգիրքերուն մէջ։ Իր առաջին Թատէրախաղը «ՊուզՏօլապը» ներկայացուած է Իսթանպուլի Պետական Ձայնասփիւռէն։

Իր պատմուածքներէն Գողը առաջին մրցանակի արժանացած է Կեդրոնական Սասնուց Միութեան պատմուածքներու մրցանքին։

Իր Սառնադարան թատէրգութիունը հայերէնի արգմանուած է եւ ներկայացուած՝ Թորոնթոյի մէջ։

Ա․ Էօզէր կ՛աշխատակցի Պոլսահայ Թերթերու եւ հանդէսներու։

Գործեր Խմբագրել

Հրատարակած է հետեւեալ հատորները Պոլսոյ մէջ․ Ահա Այսպէս(բանաստեղծութիւններ, 1953), Ծածուկ Իրականութիւններ(Պատմուածքներ․ 1984 Ա․ տպագրութիւն,1990 Բ․ տպագրութիւն), Առանձնութիւն(բանաստեղծութիուններ, 1984), Եւ (պատմուածքներ, 1990

Բազմակողմանի ծիրքերով ու գրելու բացառիկ դիւրութեամբ օժտուած կարեւոր արժէք մըն է Անդան Էօզէր․ Թէ՛ բանաստեղծութեան եւ թէ նորաւիպագրութեան մարզերուն մէջ ժողովրդականութիւն շահած սիրելի դէմք մը։

Իր բանաստեղծութիւնները մեծ հաճոյքով կը կարդացուին․ պատմուածքները սրտագրաւ են իրենց անկեղծութեամբ ու սրամտութեամբ։ Իր գլխաւոր հերոսները կը կազմէն առ հասարակ ղրկեալ եւ անիրաւուած մարդիկը։ Միւս կողմէ կը մարմնացնէ հարուստն ու ագահը, որ գիտէ շահագործել իրմէ տկարնենը։ Իր լեզուն ժողովրդական է ու դիւրամատչելի[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։