Անթիպիոթիք (Մանրէասպան)
Անթիպիոթիքը շատ զօրաւոր դեղ մըն է. անիկա բաղկացած է մանրէէ մը, որ կը փճացնէ ուրիշ մանրէներ, կամ անոնց արգելք կ'ըլլայ, որ աճին:
Մանրէները ապրող էակներ են, որոնք կրնան մարմինին օգտակար ըլլալ: Սակայն ուրիշ մանրէներ կրնան նաեւ վարակումներ յառաջացնել (ինչպէս` կոկորդի բորբոքում, ականջատապ, եւ այլն)[1]:
Անթիպիոթիքները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին ժահրի պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններուն դէմ (ինչպէս հարբուխ, կրիփ եւ այլն)[2]:
Անթիպիոթիքի գործածութեան նպատակներ
ԽմբագրելԸնդհանրապէս անթիպիոթիքները կը գործածուին երկու տարբեր նպատակներու համար: Առաջինը՝ բժշկական, իսկ երկրորդը՝ անասնաբուծութեան եւ երկրագործութեան (անթիպիոթիքի արտադրութեան 80 տոկոսը կը գործածուի սոյն նպատակին համար):
Բժշկականը կը գործածուի մարդ անհատներու մօտ որոշ առողջապահան խնդիրներ, հիւանդութիւններ դարմանելու:
Անասնաբուծութեան պարագային կը գործածուի՝
- որոշ հիւանդութիւններ դարմանելու
- որոշ հիւանդութիւններ կանխարգիլելու
- անասուններու աճման գործընթացը արագացնելու:
Անթիպիոթիքի դիմադրողականութեան յառաջացում
ԽմբագրելԱնթիպիոթիքի դիմադրողականութիւնը կը յառաջանայ տարբեր պատճառներով՝
- Երբ անձ մը ինքնագլուխ կամ անտեղի անթիպիոթիք գործածէ (viral infection-ներ որոնք կարելի է առանց անթիպիոթիքի բուժել եւ անձը անհոգ կերպով գործածէ զանոնք):
- Երբ անասուններուն մեծ քանակով անթիպիոթիք կը ներարկեն, նոյնպէս անոնց մօտ կը յառաջանայ վերոյիշեալը: Իսկ մարդ անհատը, երբ սնանի այս անասուններուն միսով, կաթով կամ անոնց ածած հաւկիթով, ինքնաբերաբար անոր մօտ կը յառաջանայ այս դիմադրողականութիւնը:
- Հողագործութեան մէջ անասուններուն թրիքը կը գործածուի իբրեւ բոյսերու պարարտացուցիչ: Մարդիկ երբ սնանին այս բոյսերով, բնականաբար անոնց մօտ ալ կը յառաջանայ այս մէկը[3]: