Անիթա Սարգիսեան
Անիթա Սարգիսեան. (15 Օգոստոս 1983, Թորոնթօ, Գանատա) ֆեմինիստ, քննադատ, պլոկեր եւ հռետոր: «Ֆեմինիստ յաճախականութիւն» կայքի հիմնդիրն է, ուր կը ներկայացուին զանգուածային մշակոյթի կիներու կերպարի վերաբերեալ տեսանիւթեր եւ վելուծական մեկնաբանութիւններ:
Անիթա Սարգիսեան անգլերէն՝ Anita Sarkeesian | |
---|---|
| |
Ծնած է | 15 Օգոստոս 1983 |
Ծննդավայր | Թորոնթօ, Քանատա |
Քաղաքացիութիւն |
Քանատա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Նորթրիճի Քալիֆորնիայի նահանգի համալսարան Եորքի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | ֆեմինիստ, քննադատ, պլոկեր, հռետոր |
Կայքէջ | anitasarkeesian.com(անգլերէն) |
Հակիրճ կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելՈւսում
ԽմբագրելԱնիթա Սարգիսեանը ծնած է Թորոնթոյի մօտերը Իրաքէն արտագաղթած հայկական ընտանիքի մէջ։ Այնուհետեւ ան տեղափոխուած է Քալիֆորնիա։ Աւարտած է Լոս Անճելըսի համալսարանի (UCLA)՝ լրատուական վերլուծութիւններու ճիւղը ընկերային եւ քաղաքական, եւ ապա՝ Եորք համալսարանին մէջ ձեռք բերած է մագիստրոս աստիճանը՝ հասարակական եւ քաղաքագիտական բնագաւառներուն մէջ:
Ասպարէզ
Խմբագրել2012 թուականին Սարգիսեան առցանց հետապնդման արշաւի թիրախ դարձած էր՝ իր «Սարգազմ կիներու նկատմամբ վիտէօ խաղերուն» տեսաշարքին համար նիւթական միջոցներ ապահովելու նախաձեռնութեան պատճառով։ Արդիւնքը այն էր իր, որ իր աջակիցները հաւաքեն 160․000 տոլար, ակնկալուող 6․000 տոլարի փոխարէն։ Իրավիճակը լայնօրէն տեղ գտած է լրատուամիջոցներուն մէջ, Սարգիսեանին վիտէօխաղերուն տեսաշարքը կը դառնայ վիճաբանութեան նիւթ:
Յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իր «Սարգազմ կանանց նկատմամբ վիտէօխաղերուն» տեսաշարքը, ուր դիտարկուած է վիտէօխաղերուն կիներու կերպարի ենթադրեալ բացասական ներկայացումը։