Անտեսանելի Հիւրը
«Անտեսանելի Հիւրը» (սպ.՝ Contratiempo, «դժբախտ պատահար, խոչընդոտ») - սպանական զգայացունց տրամա։ Համաշխարհային ներկայացումը կայացած է ԱՄՆ-ի մէջ, 23 Սեպտեմբերին, իսկ Սպանիոյ մէջ՝ 6 Յունուար 2017-ին[1]։ Ֆիլմի բեմադրողն ու գրողը Օրիոլ Փաուլօն է։
Անտեսանելի Հիւրը Contratiempo | |
---|---|
Բեմադրիչ | Օրիոլ Փաուլօ |
Գրագէտ | Օրիոլ Փաուլօ |
Հիմնուած | 2016 |
Երաժշտութիւն | Ֆերնանտօ Վելասքէս |
Տեւողութիւն | 106 վայրկեան |
Երկիր | Կաղապար:Դրօշաւորում/Սպանիա |
Լեզու | Սպաներէն |
Պիւտճէ | €4 000 000 |
Շահոյթ | $30 923 691 |
Ֆիլմը նկարահանուած է Տերասա քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ Պարսելոնայի եւ Փիսքայայի շրջանին մէջ[2]։
Նիւթ
ԽմբագրելԱտրիան Տորիան երիտասարդ գործարար է, որ կը մեղադրուի իր սիրուհիի՝ Լաուրա Վիտալի սպանութեան մէջ։ Ան չընդունիր մեղադրանքը եւ մինչեւ դատը կը մնայ տնային կալանքի տակ։ Անոր իրաւաբան՝ Ֆելիքսը կը վարձէ փաստաբան Վիրժինիա Կուտմանին, որ չի պատրաստուիր պարտուիլ այս գործը, քանի որ այդ անոր աշխատանքի վերջին գործն էր։ Երեկոյեան՝ մինչ դատը, Վիրժինիան կու գայ Ատրիանի մօտ, որպէսզի գտնէ պաշտպանութեան լաւագոյն ռազմավարութիւնը։ Ան կ'ըսէ, որ անոնք ունին երեք ժամ եւ կը խնդրէ Ատրիանէն պատմել ամէն ինչ։
Ատրիանը կը պատմէ Վիրժինիային, թէ ինչպէս ան եւ Լաուրան ստանալով անանուն հաղորդագրութիւն սպառնացողէն, հանդիպած են քաղաքէն հեռու հիւրանոցի մը մէջ, բայց հասկցած են, որ այդ թակարդ էր ու փորձած են հեռանալ։ Ինչ-որ մէկը հարուածեց Ատրիանին եւ ան ուշաթափուեցաւ։ Երբ ան ուշքի եկաւ, տեսաւ, որ Լաուրան մահացած է եւ ամբողջ՝ սպառնացողի համար նախատեսուած գումարը, թափուած էր լոգարանին մէջ։ Ոստիկանութեան ժամանումէն ետք, կը պարզուի, որ սենեակի դուռը փակուած է ներսէն, պատուհանները նոյնպէս փակուած էին։ Ոչ ոք կրնար մուտք գործել սենեակ եւ աննկատ մնալ։ Հետեւաբար Ատրիանը՝ Լաուրայի սպանութեան միակ կասկածեալն է։ Բայց Վիրժինիան կը պնդէ, որ Ատրիան ողջ պատմութիւնը չի պատմեր, անոր օգնելու համար ան պէտք է իմանայ ամբողջ ճշմարտութիւնը։
Այնուհետեւ Ատրիան կը պատմէ անոր Փարիզ իր գործուղման մասին։ Իրականութեան մէջ, ան չէր մեկնած Փարիզ, այլ Լաուրայի հետ ժամադրութեան էր։ Ճանապարհին վթարի կ'ենթարկուին եւ անոնց բախուած մեքենայի վարորդ Դանիէլ Գարիտոն անունով երիտասարդը կը մահանայ։ Լաուրան կ'որոշէ, որ այդ անոնց մեղքը չէ, քանի որ Դանիէլը կը խօսէր հեռախօսով եւ չէր ամրացուցած անվտանգութեան գօտին։ Այդ պահուն ճանապարհով անցնող մէկ այլ մեքենայ, կը կանգնի՝ օգնութիւն ցուցաբերելու։ Լաուրան կը վերցնէ Դանիէլի բջիջային հեռախօսը, որ այդ պահուն կը զանգէր եւ կը ձեւացնէ, թէ իրենք բախուած են միմիանց հետ եւ օգնութեան կարիք չունին, որպէսզի օգնութեան եկած վարորդը ոչինչ կասկածի։ Լաուրան կը համոզէ Ատրիանին ազատուիլ Դանիէլի մեքենայէն եւ մարմինէն, որպէսզի չվտանգեն իրենց ապագան։ Ատրիանը կը համաձայնի, կը մեկնի մահացածի մեքենայով դէպի տեղական լիճը։
Մինչ Ատրիան զբաղուած էր Դանիէլի մեքենայով, Լաուրան կը փորձէր գործի դնել Ատրիանի մեքենան, բայց չի կարողանար։ Անոր օգնութեան կը հասնի տեղի բնակիչ մը, որ կը փորձէ տեղաշարժել մեքենան դէպի իր տունը՝ վերանորոգելու համար։ Մինչ ան կը վերանորոգէր մեքենան, Լաուրան կը խօսէր իր կնոջ հետ։ Լաուրան կը ներկայանայ ուրիշ անունով եւ կ'ըսէ, որ մենակ ճանապարհ կ'երթար։ Նայելով տան լուսանկարները, Լաուրան կը հասկնայ, որ կը գտնուի Դանիէլի ծնողներու տան մէջ։ Այդ պահուն անոնք կը զանգեն Դանիէլի բջիջային հեռախօսին եւ Լաուրան արագ կը հանէ մահացածի հեռախօսը եւ կը թաքցնէ զայն անոնց բազկաթոռին մէջ։ Երբ Լաուրան հրաժեշտ կու տայ անոնց եւ կը հեռանայ, պարոն Գարիտոն կը նկատէ, որ Լաուրան ուղղեց նստատեղը, այսինքն, ամենայն հաւանականութեամբ, մինչ այդ ան չէր ղեկին։ Վերադառնալով Ատրիանի մօտ, ան կը պատմէ անոր ամէն ինչ, անոնք կը վերադառնան քաղաք եւ կը խոստանան, որ երբեք չեն հանդիպիր։
Փորձելով մոռնալ այդ ամէնը՝ Ատրիանը կը կեդրոնանայ իր գործին վրայ։ Քանի մը օր անց, անոր կը կանչեն ոստիկանութենէն, քանի որ պարոն Գարիտոնը նշած էր Լաուրայի մեքենայի համարները, որ կը պարզուի Ատրիանի մեքենայինն են։ Ատրիանի իրաւաբան՝ Ֆելիքսը կեղծ ալիբի կը ստեղծէ, իբր աւտովթարի օր Ատրիանը Փարիզի մէջ էր։ Որոշ ժամանակ ետք Ատրիանը կը ստանայ «Տարուան երիտասարդ գործարար» կարգավիճակը։ Տօնակատարութեան ժամանակ անոր կը մօտենայ պարոն Գարիտոնը, որ կը կասկածի, թէ Ատրիանը բան մը գիտէ իր որդւոյն մահուան մասին, բայց Ատրիան կը հերքէ ամէն ինչ եւ պահակախումբը կը հեռացնէ Գարիտոնը։
Քանի մը շաբաթ ետք Ատրիանը կը լսէ, որ նախկին երիտասարդ պանքի մէջ աշխատող՝ Դանիէլ Գարիտոնը կը մեղադրուի խարդախութեան մէջ, եւ, որ ան չէ կորչած, այլ ուղղակի փախչած է՝ հսկայական գումար գողնալէ ետք։ Ատրիանը կը զանգէ Լաուրային ու կը պատմէ անոր այդ ամէնը, հանդիպման ժամանակ Լաուրան կը խոստովանի, որ ան ոչ միայն հանգուցեալի հեռախօսը վերցուցած էր, այլ նաեւ դրամապանակը։ Ան՝ օգտագործելով Դանիէլի ինքնութեան քարտը, կարողացած է մտնել համակարգ եւ գողցած է գումար՝ ոստիկանութիւնը շեղելու համար։ Լաուրան նաեւ սպառնաց Ատրիանին, որ կը մատնէ զինք, եթէ վերջինս երթայ ոստիկանութիւն։
Քանի մը օր ետք Ատրիանը կը ստանայ լուսանկար, որուն վրայ պատկերուած է այն լիճը, ուր ան գացած էր Դանիէլի մեքենայով եւ ձայնագրութիւն, ուր ձայն մը կը հրամայէ անոր եւ Լաուրային՝ 100 հազար եւրօ գումարով երթալ քաղաքի ծայրամասը գտնուող հիւրանոցը։ Այնուհետեւ տեղի կ'ունենայ այն ինչ արդէն նշուած էր, բացառութեամբ մէկ բանի՝ իրականութեան մէջ Ատրիան տեսած էր, թէ ով հարուածեց զինք։ Այդ պարոն Գարիտոնն էր։
Վիրժինիան կը հաւատացնէ Ատրիանին, որ ի տարբերութիւն ոստիկանութեան, ան կը հաւատայ անոր եւ անոր պատմութիւնը մօտ է իրականութեան, քանի որ տիկին Գարիտոն կ'աշխատի այդ հիւրանոցին մէջ եւ կրնար կազմակերպել իր ամուսինին գաղտնի ներխուժումը սենեակ։ Այնուհետեւ Վիրժինիան կը նշէ, որ Ատրիանը պէտք է յայտարարէ դատարանին մէջ, որ ազատած է Դանիէլի մարիմնէն - այդ՝ պարոն Գարիտոյի վրէժխնդրութեան վարկածը կը դարձնէ իրականութեան մօտ։ Ան կը խնդրէ անկէ քարտէզի վրայ նշել լիճին տեղը, ուր ան հրած էր մեքենան։ Ատրիանը նաեւ կը խոստովանի, որ մեքենան ջուրը ձգելէն առաջ, նկատած էր, որ Դանիէլը դեռ ողջ է, բայց այդ չկանգնեցուց զինք։
Այդ ժամանակ Վիրժինիան կ'ըսէ, որ հասկցած է թէ իրականութեան մէջ Ատրիանը հանգամանքներու զոհ չէ, այլ կը փորձէ մեղադրել Լաուրային եւ Գարիտոյին՝ ինքզինք փրկելու համար։ Այդ պահուն կը զանգէ Ֆելիքսը եւ կ'ըսէ, որ վարորդը, որ ճանապարհին տեսած էր զանոնք եւ կրնար խօսիլ դատարանին մէջ, կաշառուած է եւ Ատրիանի դէմ ցուցմունք չի տար։ Քանի, որ ամէն ինչ կարգաւորուած է, Վիրժինիան դուրս կու գայ ըսելով, որ շուտով կը վերադառնայ։ Ատրիանը կը նկատէ, որ գրիչը՝ որ Վիրժինիան տուած էր, թաքնուած խօսափող ու ռատիօհաղորդիչ ունի։ Պատուհանէն կը տեսնէ, որ պարոն Գարիտոնը կը հետեւի անոր՝ դիմացի շէնքի բնակարանէն։ Ճիշդ այդտեղ կը մտնէ Վիրժինիան, որ իրականութեան մէջ տիկին Գարիտոնն է։ Բնակարանին մէջ գտնուող պարոն Գարիտոնը արձանագրեց Ատրիանի խոստովանութիւնը եւ հիմա կը զանգահարէ ոստիկանութիւն՝ ըսելու, որ անոնք իրենց որդիի սպանութեան մասին ապացոյց ունին։ Այդ պահուն Ատրիանի տան դուռը կը բացուի եւ իսկական Վիրժինիա Գուտմանը ներս կը մտնէ, սակայան Ատրիանը լաւ կը հասկնայ, որ անոր համար արդէն ամէն ինչ վերջացած է։
Դերեր
Խմբագրել- Մարիօ Քասաս - Ատդրիան Տորիա
- Անա Վագեներ - Վիրժինիա Գուտման
- Պարպարա Լեննի - Լաուրա Վիտալ
- Խոսէ Քորոնատօ- Թոմաս Գարրիտօ
- Ֆրանչեսք Օրելլա - Ֆելիքս
- Դաւիթ Սելուաս - Պրունօ
- Փաքօ Տոուս - Վարորդ
- Սան Էլամոս - Սոնիա
- Ինյիկօ Գաստեսի - Դանիէել Գարիտօ
- Անել Տիուեսօ – Տեսուչ Միլան
- Պլանքա Մարտինէս – Վիրժինիա Գուտման (իսկական)
- Ռութ Լեոպիս – Էվա
Քննադատութիւն
ԽմբագրելԿինովարձոյթէն ստացած շահոյթը Սպանիոյ մէջ կազմած է 3.9 միլիոն տոլար[3], Չինաստանի մէջ `172.4 միլիոն CN ¥ (25 միլիոն դոլար)[4]: Հաւաքելով գրեթէ կէս միլիոն հեռուստադիտող (555 476), ֆիլմը՝ Սպանիոյ մէջ դարձաւ ամէնայայտնիներէն մէկը՝ տարուան առաջին կիսուն[5]։
Մրցանակներ
Խմբագրել2017 – Փորթլանտի միջազգային կինոփառատօն – Best of PIFF After Dark Sidebar Oriol Paulo[6]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Невидимый гость»։ ФильмПРО
- ↑ TERRASSA IMMA FERNÁNDEZ /։ «Un cadáver en la cama de Mario Casas»։ elperiodico
- ↑ «Contratiempo (The Invisible Guest)»։ www.boxofficemojo.com
- ↑ «看不见的客人_电影详情_中国票房»։ www.cbooo.cn
- ↑ «Taquilla España: 2017»։ Premios Óscar Latinos
- ↑ Contratiempo, http://www.imdb.com/title/tt4857264/awards