Առաքէլ Պէյ Նուպար
Առաքէլ Պէյ Նուպար (1826 - 1858), եղբայրն է Եգիպտոսի վարչապետ՝ Նուպար Փաշայի։ Առաքէլ Պէյ Եգիպտոսի մէջ ստացած է զանազան կարեւոր պաշտօններ եւ 1856 թուականէն սկսեալ, իբրեւ կուսակալ, Սուտանի Խարթումի եւ Ֆէզ Օղլու գաւառաներուն վրայ։ Իր հանճարով եւ ճարտարութեամբ Եգիպտոսի փոխարքայութեան ճարտարագոյն պաշտօնակալներէն մին էր։ Առաջին անգամն էր, որ Քրիստոնեայ մը Սուտան կը ղրկուէր եւ այդ բանին պատճառը այն էր, որ վերին Եգիպտոս աքսորավայր մը նկատուած էր. Մեհմետ Ալի Փաշա հոն գացած եւ վերադարձին առաջարկած է, որ հոն բարեկարգուի։ Պաշտօնեաները կը մերժեն Սուտան երթալ նկատելով, որ հոն ղրկուիլը աքսոր կը նշանակէ, Մեհմետ Ալի Փաշա բոլոր պաշտօնեաներուն կ՝ առաջարկէ կուսակալութեան պաշտօն, նկատելով անոնց մերժումը կը դիմէ Առաքէլին ըսելով թէ Մուսուլմանները այդպիսի կարեւոր պաշտօն մը կը մերժեն, բայց դուն կ՛ընդունիս։ Առաքէլ Պէյ պատասխանած է «Եթէ կը հաճիք ղրկել, ես անձնուիրաբար կ՛երթամ»։ Առաքէլ Պէյ կը մեկնի Սուտան, բայց ժողովուրդը դիտողութիւն կ՛ընէ, թէ ինչպէս Քրիստոնեայ մը հոն կը ղրկուի։
Առաքէլ Պէյ Նուպար | |
---|---|
Ծնած է | 1826 |
Մահացած է | 1858 |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Մեհմետ Ալի Փաշա գնահատելով պէյին արժանիքը, կը վերահաստատէ զինքը իր պաշտօնին մէջ, ուր կը վարէ կատարեալ ձեռնահասութեամբ մինչեւ մահը (1858), որ յառաջ եկած է տեղւոյն աննպաստ կլիմայէն։ Իր մահուան առթիւ La Presse d'Orient հետեւալ գնահատականը գրած է։
«Նուպար Փաշայի եղբայրը 1856-ին անուանուած էր Խարթումի, Սուտանի եւ Ֆէզ Օղլու գաւառներուն ընդհանուր կուսակալ եւ իր՝ հանճարովը, ճարտարութեամբ եւ պատուով կը կառավարէր . Առաքել պէյ Եգիպտոսի փոխարքայութեան ճարտարագոյն պաշտօնակալներէն մէկը կը համարուէր։ Սայիտ Փաշա իր ընտրութեանը վրայ մեծապէս գոհ մնացած էր։ Առաքէլ Պէյ հրաման ընդունած էր Գահիրէ գալ իր եղբայրը տեսնելու համար, հոն վախճանեցաւ։ Այս կորստեան դժուարաւ տեղը պիտի լեցուի»։
Թաղուած է Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյն շրջափակը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Մասեաց Աղաւնի» (1857)
- «Յիշատակարան» (հեղինակ՝ Վ. Գ. Զարդարեան)