Ասիա (լրագիր)

Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած քաղաքական եւ բանասիրական լրագիր։

«Ասիա», Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած քաղաքական եւ բանասիրական լրագիր (շաբաթաթերթ, այնուհետեւ՝ եռօրեայ, 1874 թուականի Մայիսէն՝ օրաթերթ)։

Ասիա
«Ասիա. Թարգման հայրենեաց»
Տեսակ պարբերաթերթ եւ թերթ
Ժանր քաղաքականութիւն եւ բանասիրութիուն
Լեզու Հայատառ թուրքերենը? եւ հայերէն
Խմբագիր Մկրտիչ Փորթուգալեան
Հիմնադրուած է 1872
Գրասենեակ Կոստանդնուպոլիս

Պատմութիւն Խմբագրել

Թերթը լոյս տեսած է 1872-1875 թուականներուն, Կ. Պոլիս։ Տնօրէն-խմբագիրները եղած են Յովակիմ Րէիսեան, Յակոբ Խանճեան եւ Մկրտիչ Փորթուգալեան[1]։

Փորթուգաեանի խմբագրութեան ընթացքին թերթը դարձած է աւելի մարտնչող, տպագրած է նամակներ Վասպուրականէն, հանդէս եկած է հայկական գաւառներուն մէջ թուրք շահագործողներու անօրինականութիւններու դէմ։

Թերթին նիւթերը փաստական հիմք հանդիսացած են Կ. Պոլսոյ Հայոց ազգային ժողովի Բարձր դռանն ուղղած բողոքագրերու համար։

1872-1973 թուականներուն պարբերականը տպագրած է հայատառ թուրքերէն յօդուածներ։

Ծանոթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ԱՍԻԱ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-14 

Աղբիւրներ Խմբագրել

Արտաքին հղումներ Խմբագրել