Ասողիկ Քհնյ. Ժանկոչեան

Տ. Ասողիկ Աւագ Քհնյ. Ժամկոչեան (1953, Հալէպ, Սուրիա - 28 Օգոստոս 2021(2021-08-28)), քահանայ, շարականագէտ։

Տ.Ասողիկ Աւագ Քահանայ Ժամկոչեան
Ծնած է 1953
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է Օգոստոս 28, 2021
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Շարականագետ
Աշխատավայր Քահանայ
Ծնողներ Յակոբ եւ Էֆրոն
Երեխաներ Յակոբ, Ասպէտ եւ Գէորգ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւազանի անունով Անդրանիկ, որդի Յակոբ եւ Էֆրոնի, ծնած է Այնթապցի ծնողքէ, Հալէպ, 1953-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն եւ շրջանաւարտ եղած է 1967-ին։

Մանկութեան կորսնցուցած է իր հայրը։ Ծնողքին տնտեսական խեղճ պայմանները պատճառ եղած են, որ Անդրանիկ նետուի կեանքի ազատ ասպարէզ, տան ապրուստը հոգալու համար։ Մինչեւ 1972 հետեւած է արհեստի։

Փոքր տարիքէն յաճախած է եկեղեցի, ապա եղած է դպիր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, ուր ծառայած է մինչեւ 1976։ Այնուհետեւ, իր հայրենակցական պատկանելիութիւնը զինք առաջնորդած է Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր իբրեւ եկեղեցանուէր անձնաւորութիւն, ծառայած է երկար տարիներ։

Յաճախած է Կիրակնօրեայ վարժարան, զորս աւարտելէ ետք, քանի մը տարի վարած է ուսուցչութեան պաշտօն։[1]

1972-ին ընդունուած է դպրեվանքի քահանայից դասարան։ Երկու տարի օրինաւորապէս հետեւելով դասընթացքին, շրջանաւարտ եղած է 1974-ին։ Նոյն տարին ձեռնադրուած է սարկաւագ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ դպրեվանքի տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի։ Նոյն տարին վերադառնալով Սուրիա, վարած է Րաքքայի Ազգային Նուպարեան Վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:

1976-ին կը վերադառնայ Հալէպ եւ զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ սուրիական բանակին մէջ մինչեւ 1980։

Կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Սոնա Գույումճեանը, որուն հետ կը պսակուի 18 Ապրիլ 1982-ին, ձեռամբ Տ. Գալուստ Քհնյ. Էքմէքճեանի, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ կ'ունենայ երեք մանչ զաւակներ՝ Յակոբ, Ասպետ եւ Գէորգ։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենայ ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Սուրէն Եպս. Գաթարոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աւագերէց՝ Տ. Զարմայր Ա. քհնյ. Հինտոյեանի, համանուն եկեղեցւոյ մէջ, 29 Նոյեմբեր 1987-ին, վերակոչուելով Տ. Ասողիկ քահանայ:

1994-1995ի շրջանին դասաւանդած է Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանէն ներս, իբր կրօնի Ուսուցիչ:

Տասը տարի նոյն Եկեղեցւոյ մէջ ծառայելէ յետոյ, անցած է Աթէնք, Յունաստան, ուր ծառայած է մինչեւ 2001 թուականը՝ Նէոս Գոզմոսի Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Պարագաներու բերումով, 2001ին անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (Լոս Անճելըս), ուր մինչեւ վերջերս կը կատարէր իր քահանայական ծառայութիւնը:

2007 թուականին կը ծանօթանայ Սոնա Արապաճեանին եւ կը կազմէ ընտանիք:

Հանգուցեալ Տէր Հայրը Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայած է զանազան եկեղեցիներու եւ համայնքներու. - 2003ին Փասատենայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, 2004ին Լաս Վեկասի համայնքէն ներս, 2004-2006ին Whittierի համայնքէն ներս եւ 2006ին ալ եղած է հոգեւոր հովիւը Սաքրամենթոյի Սբ. Յակոբ Եկեղեցւոյ:

2016-ին Տէր Հայրը բախտաւորուած է առաջին թոռնիկով (Մեղրի), որուն ծնունդը բացառիկ ուրախութիւն պատճառած  է իրեն:

Զաւակներուն վկայութեամբ, տէր հայրը եղած է բացառիկ «հայր» մը, բառին իսկական նշանակութեամբ: Ան օժտուած էր հնչեղ ձայնով մը, որ միշտ օգտագործեց Աստուծոյ փառաբանութեան եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Տէր հօր անձին մէջ ցայտուն էին բարութեան, ծառայութեան եւ եկեղեցասիրութեան առաքինութիւնները:

Նկարագրի Ուշագրաւ Յատկանիշներ

Խմբագրել

Ա.- Երաժշտասիրութիւն

Բ.- Եկեղեցասիրութիւն

Օգտագործուած Աղբիւրներ

Խմբագրել

1.-Ինքնակենսագրութիւն

2.-Գործակիցներու Վկայութիւններ