Աստուածային Կատակերգութիւն

Աստուածային կատակերգութիւն (իտալ.՝ La Commedia, աւելի ուշ՝ La Divina Commedia), Տանթէի գլուխգործոցը։ Սկսած է գրել 1308 թուականին, աւարտած՝ 1321 թուականին։

Աստուածային Կատակերգութիւն
«Աստուածային Կատակերգութեան» առաջին հրատարակութիւնը, 1555
Հեղինակ Տանթէ Ալիկիէրի
Երկիր Ֆլորենցիոյ Թագաւորութիւն
Լեզու Իտալերէն
Հրատարակչական թուական
1555
Գիրքի տեսակ Պոեմ

Կառուցուածք

Խմբագրել

Վերնագիրը եղած է «Կատակերգութիւն»։ Յետոյ Աստուածային մակդիրը աւելացուցած են։ Նկատի չեն ունեցած, որ վէպի գործողութիւնը կը կատարուի երկնային ոլորտին մէջ, այլ արտայայտած են գեղարուեստական վեհութիւնը՝ աստուածային գործ։ Ելլելով ժամանակակից ընբռնումներէն «Աստուածային կատակերգութիւնը» նման չէ ժամանակակից կատակերգութեան։ Այդ անուանած են այլ ըմբռնումներէն ելլելով։ 14-րդ դարուն իտալական ամբողջ գրականութիւնը բաժնուած էր երկու յստակ մասերու։ Ողբերգութիւնը կը համարուէր բարձր աստիճանի գրականութիւն, որ այդ ժամանակ կը գրուէր «գրական» իտալերէնով, իսկ կատակերգութիւնը կը վերաբերէր «ցած» դասի գրականութեան, որ կը գրուէր խոսակցական լեզուով, որպեսզի հասարակ ժողովուրդի համար հասկանալի ըլլար։

Բովանդակութիւն

Խմբագրել
 
Տանթէն իր հանգուցեալ կնոջ Պեթրիչէի հետ դրախտին մէջ։ Կիւսթաւ Տորէի նկարը:

Վէպը բաղկացած է երեք մասերէ.

  • «Դժոխք»
  • «Քաւարան»
  • «Դրախտ»

Ասոնք իրենց հերթին կը բաժնուին առանձին մասերու. «Դժոխքը» բաղկացած է ինը բովանդակութենէ, «Քավարանը» եօթ բոլորակէ, «Դրախտը» երկնային ինը ոլորտներէ։ Իւրաքանչիւրը մաս բաղկացած է 33 երգերէ։ Նախերգանքի հետ միասին բոլորը 100 երգ։ Վէպը գրուած է տերցիններով՝ հանգաւոր եռատողերով։

Վէպի գործողութիւնները կը կատարուին հանդերձեալ աշխարհի մէջ, գործող հերոսները մարդոց հոգիներն են։ Գործող անձերու մեծագոյն մասը պատմական ծանօթ, իրական մարդիկ են։ Բանաստեղծը կը պատմէ անոնց հոգիներու եւ երկրային գործերու, կենդանի ժամանակ կատարած արարմունքներու մասին։ Վէպը պատմողական ձեւ ունի։ Հիմնական նիւթը բանաստեղծին երեւակայական ճանապարհորդութիւնն է անդրշիրիմեան աշխարհ՝ դժոխքի, քաւարանի, դրախտի մէջ։ Սա առանցքի վրայ հիւսուած է պոեմի կոմպոզիցիան։[1]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Ս.Սողոմոնեան (1981)։ Արտասահմանեան գրականութեան պատմութիւն։ Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն։ էջ 39-41 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել