Աստուածատուր Ջունդ

Աստուածատուր Ջունդ 1825 - 1897

Աստուածատուր Ջունդ
Ծնած է 1825
Մահացած է 19 Փետրուար 1897(1897-02-19)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա

Ջունդեան ազգատոհմի սիրիլը կ'սկսի Անիէն։ ԺԴ. դարուն մեծ գալթականութենէ մը, Անիի աւերումէն ետք կը դիմէ Լեհաստանի Կալիցիա գաւառը։ Աստուածատուրի հափրը անկէ անցած է Սուզանա։ Մայրն ալ տը Բրօնկուլ գերդաստանէն է որ իր ազնուականութեան տիտղոսը ընդունած է Մարի Թէրէզա կայսրուհիէն։

Աստուածատուր ծնած է 1826 օգոստոս 14-ին։ Հազիւ 5 տարեկան էր երբ իր մայրը մեռաւ։ Ինք 12 տարեկան էր երբ 1837-ին իր հայրը Վիեննա Մխիթարեան վանքը տարաւ զինքը՝ որոնց աշակերտելով փայլեցաւ ուսման ամէն ճիւղերուն մէջ, մանաւանդ պատմականին եւ փիլիսոփայութեան։ Իր հօրը մահէն ետքը մեկնեցաւ վանքէն եւ հոս հոն թափարռելէ ետք վերադարձաւ Սուչուվա ուր տեղի հայ վարժարանին տեսուչ ընտրուեցաւ, հոն մեծ ոյժ տուաւ հայ լեզուի ուսման որ անհետանալու վրայ էր Աւստրիական կառավարութենէն ալ կարգ մը արտօնութիւններ ստացաւ։ Պօլին եղաւ 1853-ին եւ ծանօթացաւ Քարաքահէտ գերդաստանին հետ, որուն անդրանիկ զաւկին Աբրահամ փաշայի հետ ուղաւորիցաւ Բարիզ։ Վիեննայէն անցնելով Նուպար փաշայի հետ ալ մտերմութիւն կը հաստատէ։

Վիեննայի մէջ արաջարկուեցաւ իրեն գիուանագիտական ասպարէզի մէջ մտնել, սակայն ինք հրաժարելով՝ վաճարականութեան հետեւեցաւ եւ կրցաւ քիչ ժամանակուան մէջ մեծ վաճառական մը ըլլալ, վայելելով նոյնիսկ Օսմանեան կառավարութեան յարգանքը՝ որուն հետ փայտի վաճառականութիւն կ'ընէր։ Օսմանեան կսռավարութենէն պատուուած էր Մէճիտէի պատուանչանով, իր յարատեւութեան շնորհիւ մեծապէս կը փայլի եւ հարստութեան սէր կ'ըլլայ։ Բայց Ջունդ մրայն հարուստ չեղաւ այլ գրագէտ, Շահնազարեան Կարապէտ Վ.-ի առաջարկութեամբ կը թարգմանէ Ergaenzungs blattiի հայոց մասին գրութիւնը, կը թարգմանէ Ֆրանսերէնի Առաքէլ պատմիչը, կարգ մը ծանօթութիւներով, որ տնտիպ կը մնայ Պռոսէի թարգմանութիւնը լսելով։

Մեծապէս նպաստածէ Ազգ Ս. Փրկչեան հիւանդանոցին իբրեւեւ հոգաբարձու եւ ատենապէտ կարեւոր դէր մը ատանձնելով 1860-ին որ ատեն հաստատած է հայ նշանաւոր Տիկնաց խնամակալութիւն մը՝ հիւանդանոցի պիտոյքներուն համար եւ որ սակայն դժբասգաբար կարճ կեանք ունեցաւ։ Նպաստեց Նուպար- Շահնազարեան վարժարանի հաստատութեան եւ վեց տարի ինք վարեց անոր խնամակալութեան Ատենապետի պաշտօնը։

Պոլսոյ աւստրիական գաղթականութեան մէջ ալ միշտ բարձր դիրք ունեցաւ եւ Ֆրանց Եողէֆ կայսրն իր եւ երկաթէ թագի չգանչաններով պատուեց զինքը։ Իսկ 1873-ին մասնաւոր հրովարտակով շնորհեց իրեն ժառանգական ազնուականութեան՝ կայսրութեան ասպետի տիտղոսով։ Բայց իր ամէնան գնահատելի գործը եղած է Ջունդեան հիմնարկութիւնը (Fondation chevalier Tehunt) որ զինքը անմահացուց եւ որուն նպատակն է Հայազգի չքաւոր եւ ուշիմ պաֆրանքը, ընդհամէնը 100.000 ֆրանք կը մնայ Աւստրիական կառավարութեան քով, եւ որոոն տոկոսովը արդէն ղրկուած են աշակերտներ՝ Եւրոպա։ Իր մեծագործութիւններովը Ջունդ արժանացաւ Ազքին համակրտնքին եւ անոր համար անուանուած է անգամ խնամակալ, Պատոյ նախագահ, պաշտպան եւայլն. 13է աւելի մարդասիրական եւ արուէստագիտական ընկերութիւններու եւ գրական ագադեմիաներու, ունենալով անոնցմէ վկայեկաններ եւ ոսկի միտալներ։

Մեռաւ 1897 փետրուար 19-ին Բարիզի մէջ եւ մարմինը փողադրուելով Պոլիս Մարտ 22-ին ամփոփուեցաւ Շիչլիի Ազգ. գերեզմանատունը իրեն պատրաստած չիրիմին մէջ։ Իր կողակիցն էր Տիկին Նեկտար Ջունդ։ Անիրաւութիւն մը ըրած պիտի ըլլանք զինքը բաժնելով իր սիրելի ամուսինէն, որ անոր չափ ազգասէր եւ բարեսէր էր եւ եւ հայ տիկնաց դասուն մէջ կարեւոր դիրք մը ունեցած էր։Նեկտար ծնած էր Խասգիւղի մէջ եւ զաւակն էր Սերովբէ Միզանճեանի 20 տարեկան հասակին ամունացաւ Ասպետին հետ, որու խորհրդակից եւ գաղափարակից եցաւ մինչեւ վերջ։