Ատալէթ Աղաօղլու

Թուրք վիպագիր, թատերագիր։

Ատալէթ Աղաօղլու (13 Հոկտեմբեր 1929(1929-10-13)[1], Նալլըհան, Անգարա, Թուրքիա - 14 Յուլիս 2020(2020-07-14)[2], Պոլիս, Թուրքիա), թուրք վիպագիր, թատերագիր։ Թրքերէն արդի գրականութեան առաջատար անուններէն:

Ատալէթ Աղաօղլու
թրք.՝ Adalet Ağaoğlu
Ծննդեան անուն թրք.՝ Adalet Sümer
Ծնած է 13 Հոկտեմբեր 1929(1929-10-13)[1]
Ծննդավայր Նալլըհան, Անգարա, Թուրքիա
Մահացած է 14 Յուլիս 2020(2020-07-14)[2] (90 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Կրօնք Աթէիզմ[3]
Ուսումնավայր Անկարայի համալսարանի պատմաաշխարհագրական ֆակուլտետ?
Անգարայի Համալսարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Curfew? եւ Q6006346?
Մասնագիտութիւն լրագրող, գրագէտ, թատերագիր, արձակագիր, վիպասան
Աշխատավայր TRT?

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Անգարայի Նալլըհան գաւառը։ Ուսանած է Անգարայի Համալսարանի գրական բաժինը, Ֆրանսական լեզուն եւ գրականութիւնը բաժնին մէջ։

Առաջին գրական գործերը բանաստեղծութիւններ եղած են, որոնք հրատարակուած են գրական պարբերականներու մէջ։

Պաշտօնավարած է Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան հաստատութեան մէջ (TRT), ուր գրի առած է իր առաջին թատրերգութիւնները՝ ռատիոյի թատրոնի ձեւաչափով։

Նկատելով իր աշխատած հաստատութեան անկախութենէ հեռանալու եւ օրըստօրէ օրուայ իշխանութեան փողը դառնալու երեւոյթը, 1970-ին հրաժարած է ռատիոյի բաժնի տնօրէնի պաշտօնէն, բոլորովին ուղղուած է գրականութեան։

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

1973-ին լոյս տեսած է իր առաջին վէպը՝ «Մահաբեր քունը»։ Յաջորդած են «Հարսանիքի գիշեր մը» եւ այլ գործեր, որոնք մեծ յաջողութեան արժանացած են՝ նուաճելով զանազան գրական մրցանակներ.

Ատալէթ Աղաօղլու հիմնադիրներէն եղած է Մարդու Իրաւունքներու Միութեան։ Ազգայնականներու հալածանքներուն ենթարկուած օրերուն Հրանդ Տինքին զօրակցող մտաւորականներու շարքին եղած է։ Յաջորդող տարիներուն առողջութեան խանգարումի հետեւանքով, երբ չէ կրցած «Ակօս»ին առջեւ կազմակերպուած յիշատակման միջոցառումներուն անձամբ ներկայ գտնուիլ, իր սրտի խօսքը ուղղարկած է խմբագրատուն կամ Հրանդ Տինք Հիմնարկին։ Այդ գրութիւնները եւս կը ներկայացնէին գրական մեծ արժէք, ուր ամենահարազատ կերպով փոխանցած է իր կսկիծը Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ։

Ատալէթ Աղաօղլու Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ձեռնարկուած ցեղասպանութեան խնդրի առումով հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրող ստորագրարշաւին առաջին մասնակիցներէն է[4]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել