Հրանդ Տինք Հիմնարկ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ կազմակերպութիւն

Հրանդ Տինք Հիմնարկը, հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որու կեդրոնատեղին կը գտնուի Պոլսոյ մէջ։ Հիմնադրուած է Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, 2007-ին։ Նպատակադրած է աջակցիլ Թուրքիոյ բազմազգ ու բազմաշերտ հասարակութենէ ներս երկխօսութեան զարգացման, հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ նախապաշարումներու վերացման, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

Հիմնադրութեան Պատմութիւն ու Գործունէութիւն Խմբագրել

«Ակօս» շաբաթաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Հրանդ Տինքի 19 Յունուար 2007 թուականի սպանութենէն ետք, Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, ընտանիքն ու բարեկամները գաղափար կը յղանան սպանեալ մտաւորականին առաքելութիւնն ու տեսլականները մարմնացնել ու անոնց իրականացումին համար աշխատիլ հիմնարկի մը միջոցով։ Հիմնարկի հոգաբարձութեան հիմնադիր նախագահն է Ռաքէլ Տինք։ Լայն գետնի վրայ կը զբաղի կրթական, ազգամիջեան յարաբերութիւններու եւ պատմութեան վերաբերող նիւթերով։

Հիմնարկը իր հիմնադրման գլխաւոր նպատակը կը հռչակէր հետեւեալը․ «Աշխատիլ հասարակութենէ ներս ստեղծելու տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային վստահելի ու առողջ մթնոլորտ մը, նպաստել ժողովրդավար քաղաքացիական գիտակցութեան, մշակութային բազմազանութեան գաղափարի տէր անհատներու զարգացման»։[1]

Հիմնարկը կ՚իրականացնէ ծրագիրներ, որոնք կը միտին զարգացնելու Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ եւրոպական հասարակութիւններու միջեւ մշակութային յարաբերութիւնները, ազգայնականութենէ զերծ պատմական ուսումնասիրութիւններու կատարման։

Հիմնարկը կը հաւաքէ, կը դասաւորէ, կը թարգմանէ ու կը հրատարակէ նաեւ Հրանդ Տինքի յօդուածները, իրեն վերաբերող գրաւոր, տեսողական եւ այլ նիւթեր[2], կը հրատարակէ գիրքեր[3], կը կազմակերպէ գիտաժողովներ[4], արեւմտահայերէնի դասընթացքներ[5]։

Հիմնարկը ամէն տարի, Հրանդ Տինքի տարեդարձին՝ Սեպտեմբերի 15-ին կը շնորհէ «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը[6]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել