Ատել Լորի Պլու Էտքինզ (5 Մայիս 1988(1988-05-05)[2][3][4][…], Թոթնըմ, Հերինկէյ), անգլիացի երգչուհի, երգահան, Կրեմմիի բազմակի մրցանակակիր։

Ատել
անգլերէն՝ Adele
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Adele Laurie Blue Adkins[1]
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Adele
Ծնած է 5 Մայիս 1988(1988-05-05)[2][3][4][…] (36 տարեկան)
Ծննդավայր Թոթնըմ, Հերինկէյ
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր ՊՐԻԹ Վարժարան
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն[5], Կապուտաչեայ հոգի, Ռիթմ եւ «Պլուզ», Հոգեւոր երաժշտութիւն, Ճազ եւ ռոք
Մասնագիտութիւն Հեղինակ ու կատարող, երգչուհի, կիթառահար, դաշնակահար, թմբկահար, երաժիշտ, ստուդիական երաժիշտ, Գործադիր արտադրող, երգահան
Ամուսին Սայմըն Քոնեքի
Երեխաներ Անճելօ Ատքինզ
Կայքէջ adele.com(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ատել Լորի Պլու Էտքինզ ծնած է 5 Մայիս 1988-ին, Լոնտոն։ Առաջին անգամ հանդէս եկած է դպրոցական բեմին վրայ եւ կատարած՝ երգիչ Գաբրիէլին «Ռայզ» երգը։ Այնուհետեւ ան կը կրէ իր սիրելի երգիչներուն՝ Էթթա Ճեյմսի եւ Թաստի Սփրինկֆիլտի ազդեցութիւնը, խոստովանելով, որ անոնց ձայնագրութիւնները պատահաբար յայտնուած են իր ձեռքը։

Աւարտած է Լոնտոնի ներկայացման արուեստի եւ արուեստագիտութեան դպրոցը։ 2006-ին, ստորագրած է ձայնագրութեան պայմանագիր մը «Էքս Էլ Ռիքորտինկզ»ի հետ երբ իր ընկերներէն մէկը Մայսփէյսի վրայ տեղադրած էր անոր ձայնագրութենէն բաժին մը։

Ուսումը կ'աւարտէ Մայիս 2006-ին։ Երկու ամիս ետք, ան իր երկու յօրինումները կը հրապարակէ PlatformsMagazine.com օնլայն մշակութային ամսագիրին մէջ։

Իր բրիտանական շրջագայութեան կը սկսի Հոկտեմբեր 2007-ին։ Միաժամանակ «Մայ Սփէյս»ի մէջ կը հրապարակուի վաղ տարիքի իր ձայնագրութիւններէն մէկը, ընդ որում իր ձեռք բերած յաջողութեան շնորհիւ, շուտով կը ստանայ իր առաջին պայմանագիրին առաջարկը «Փէյս Մէյքըր Ռեքըրտինկզ»-ի կողմէ եւ կը հրապարակուի իր առաջին մեներգը՝ «Հոմ Թաուն Կլորի»ն։ Երգը իր քաղաքին՝ Թոթնըմի մասին էր, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը շահի։ «Այ Թյունզ»ի կողմէ կ'ընտրուի «շաբթուան լաւագոյն մեներգը», Ապրիլ 2008-ին երգը կը յայտնուի բրիտանական լաւագոյն 40 հիթ-շքերթներուն մէջ։

 

«Էքս Էլ Ռիքորտինկզ»ի հետ իր կնքած պայմանագիրին իբրեւ արդիւնք՝ Ատել կը հրապարակէ իր 2-րդ երգը՝ «Չէյսինկ Փէյվմինթս», որ մէկ ամիս բրիտանական հիթ-շքերթին երկրորդ հորիզոնականին վրայ կը գտնուի։

2007-ին կը շահի «Պրիթի քրիթիքս չոյս»ը եւ 2008-ին կը դառնայ Պի Պի Սի-ի «Լաւագոյն ձայն»ի մրցանակակիրը։ Անոր առաջին ձայնասկաւառակը՝ «19»-ը, լոյս կը տեսնէ Յունուար 2008-ին։ Այս ձայնասկաւառակը կ'արժանանայ 4 անգամ լուսնոսկեայ տիտղոսին՝ Անգլիոյ մէջ եւ երկու անգամ՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր կը գրաւէ 10-րդ հորիզոնականը։ Կը վաճառուի 500 հազար օրինակով:

Մարտ 2008-ին «Քոլումպիա Ռեքըրտս»ի հետ Ատել պայմանագիր մը կը կնքէ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ յաջող շրջագայութիւն մը կ'իրագործէ ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ։

2009-ին «Կրեմմի» մրցանակին կ'արժանանայ՝ «Հոմթաուն Կլորի» երգին համար[6]։

2010 Սեպտեմբերին Պոպ Տիլանի հանրայայտ «Մէյք Եու Ֆիլ Մայ Լաւ» երգին տարբերակը կը կատարէ բրիտանական «Էքս Ֆեքթոր» նախագիծին ընթացքին, որուն շնորհիւ երգը կ'արժանանայ 4-րդ հորիզոնականին։

Միացեալ Նահանգներուն[7][8] մէջ, 51-րդ Կրեմմիի ընթացքին կ'արժանանայ «Լաւագոյն արուեստագէտ»ի, ինչպէս նաեւ «Տարուան լաւագոյն իգական փոփ ներկայացումի արուեստագէտ»ի տիտղոսներուն։

Սակայն Ատել աւելի հանրայայտ կը դառնայ, երբ կը հրապարակէ իր երկրորդ ձայնասկաւառակը՝ «21»-ը, 2011-ին։ Այս ձայնասկաւառակը 2012-ին շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը շահի եւ գնահատանքի կ'արժանանայ: Այս ձայնասկաւառակը Անգլիոյ մէջ 16 անգամ լուսնոսկեայ մրցանակի կ'արժանանայ, իսկ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը մնայ ամէնէն բարձր դիրքին վրայ, երեւոյթ մը, որ 1985-էն ի վեր չէր պատահած։ Ձայնասկաւառակէն աշխարհի տարածքին կը վաճառուի 30 միլիոն կրկնօրինակ։

Երգչուհին ընդհանուր առմամբ կը վաճառէ 40 միլիոն ձայնասկաւառակ եւ 50 միլիոն մեներգ։

«21» ձայնասկաւառակին յաջողութիւնը «ԿԻՆԵՍ»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ կը նշուի իբրեւ պատմութեան մէջ «Պիլպորտ հաթ 100»ի մէջ երեք հետեւողական լաւագոյն երգեր ունեցող առաջին կինը։

2012-ին Թայմզ ամսաթերթը Ատելը կը նշէ իբրեւ տարուան «Աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կինը»։

2013-ին կը ստանայ երեք համաշխարհային գնահատանքներ՝ «Սքայֆոլ» երգին գերազանց յաջողութեան համար։

22 Հոկտեմբեր 2015-ին կը hրապարակէ իր նոր խտասալիկին՝ «Ատել 25»-ին, առաջին երգը՝ «Հելլօ»ն։

Անձնական կեանք

Խմբագրել

2012-էն Ատել ամուսնացած է Սայմըն Քոնեքիի հետ։ Ունի մէկ զաւակ՝ Անճելօ Ճէյմս Քոնեքի, որ ծնած է 19 Հոկտեմբեր 2012-ին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://www.britannica.com/biography/Adele
  2. 2,0 2,1 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  3. 3,0 3,1 Discogs — 2000.
  4. 4,0 4,1 FemBio տվյալների շտեմարան
  5. Montreux Jazz Festival Database
  6. «Կրեմմի» մրցանակ
  7. «Certified Awards Search»։ British Phonographic Industry։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 September 2011-ին։ արտագրուած է՝ 1 March 2011 
  8. «Recording Industry Association of America»։ RIAA։ արտագրուած է՝ 29 June 2012