Արաբական Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդ

Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդը հիմնուած է 2012 թուականին։ Անոր գլխաւոր նպատակն է ի մի համախմբել տարածաշրջանի բոլոր եկեղեղեցիները, որոնք պետական ճանաչում եւ արտօնութիւն ունին։ Անոր կառոյցը հիմնուած է հինգ հիմնական եկեղեցական համայքներու եւ ընտանիքներու համախմբումով։ Ուղղափառ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան բաժիններով, Կաթողիկէ, Աւետարանական եւ Եպիսկոպոսական-Անկլիքան։

Խորհուրդի ծրագիր-կանոնագրի պատրաստութեան մէջ իր կարեւոր բաժինը եւ մասնակցութիւնը բերած է Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան՝ 2012 թուականին, երբ առաջին անգամ հիմնուեցաւ։

Խորհուրդի տարեկան հաւաք-հանդիպումը Խմբագրել

Ամէն տարի Խորհուրդը կ՚ունենայ իր տարեկան հաւաք-հանդիպումը, որ առիթ մը կ’ըլլայ արծարծելու շատ մը աշխատանքներ, մտահոգութիւններ բայց նաեւ աւելիով ամրապնդելու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները։

Հայկական ներկայութիւնը միշտ ալ եղած է աշխուժ այս Խորհուրդին մէջ։ Այս տարուան 2020 թուականի տարեժողով-հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ.Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Քուէյթի իւ շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ.Տ.Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը եւ հոգեւոր հովիւ Արժ.Տ.Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեայեանը եւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը։

Խորհուրդի կեդրոնական վարչական ժողովը Խմբագրել

2020 տարեշրջանի համար, կեդրոնական ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս.Սարգիսեանը։

Խորհուրդի տարեկան հաւաք-հանդիպումը 2020 թուական Խմբագրել

Այս տարի հաւաքը տեղի ունեցաւ Յունուար 28-29, 2020, Քուէյթի մէջ, ուր Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց աւելի քան երեսուն եկեղեցական առաջնորդներ Ծոցի տարբեր երկիրներէն։ Յայտագիրը ընդգրկեց Խորհուրդը տարբեր աշխատանքներու տեղեկագիրը, եկեղեցական կեանքի մասին մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ շրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Հրայր Ճէպէճեան