Արամ Աշճեան (1855, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1909, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ խմբագիր։

Արամ Աշճեան
Ծնած է 1855
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1909
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն Խմբագիր

Ծնած՝ Կ.Պոլիս։ Աշճեան 1870-ականներէն կ'աշխատակցի պոլսահայ մամուլին։ 1878-ին Եղիա Տնտեսեանի հետ կը բանայ տպարան ու կը տպագրէ մեծ թիւով հայերէն գիրքեր։ 1882-ին կը խմբագրէ «Ընտանիք» կիսամեայ հանդէսը[1]։ 1884 թուականին՝ Պոլսոյ մէջ կը սկսի հրատարակել «Լապտեր Դիոգինեան» անունով հանդէսը (երգիծաթերթ) եւ երկու թիւ հրատարակելէ ետք, կրթական նախարարութեան հրամանով կը դադարի հրատարակելէ։ 1888-ին դարձեալ կը սկսի տպագրել, սակայն մի քանի թիւով[2]։

1909 թուականին կը մահանայ, Պոլսոյ մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 109: