Արամ Վրոյր, (13 Մարտ 1863(1863-03-13), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Մարտ 1924(1924-03-05), Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն), հայ մեծ դերասան, լուսանկարիչ եւ գրող:

Արամ Վրոյր
Ծննդեան անուն Արամ Մաքաշչեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Արամ Վրույր
Ծնած է 13 Մարտ 1863(1863-03-13)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Մարտ 1924(1924-03-05) (60 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն դերասան, լուսանկարիչ
Երեխաներ Արա Վրոյր եւ Արտաշէս Վրոյր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Արամ Վրոյր ծնած է Սկիւտար: Ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ճեմարանին մէջ: Հազիւ 16 տարեկան էր, երբ ծնողքը կը գաղթէ Կովկաս, ուր շուտով Վրոյր կը նուիրուի բեմին: Սկզբնական շրջանին բեմական իր փորձերը կ՛ունենան անյաջող ընթացք: Այնուհետեւ, ան տարբեր կը մասնակցի թատերապտոյտներու՝ զանազան խումբերու հետ՝ շրջելով գաւառները: 1884-1885-ին կը գործէ Կարա-Մուրզայի երգչախումբին մէջ:

Թատերական գործունէութիւն

Խմբագրել

Արամ Վրոյր առաջին անգամ բեմ կը բարձրանայ 1883-ին, Էմին Տէր Գրիգորեանի «Մոգա» թատերախաղին մէջ եւ կը ստանձնէ Գրիգոր Աղայի դերը[1]։ 1886-ին, ան մաս կը կազմէ Թիֆլիսի մէջ գործող դերասաններու խումբին ու կը գործակցի Պետրոս Ադամեանին հետ՝ ստանձնելով փոքր դերեր: 1888-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Նոյն ժամանակաշրջանին Պետրոս Ադամեանն ալ Պոլիս կը գտնուէր եւ թատերական խումբ կազմելու աշխատանքը յանձնած էր իր հին վարպետին՝ Պետրոս Մաղաքեանին, ով շրջան մը քաշուած էր բեմական գործունէութենէն: Նոր թատերախումբին միանալու ազատ ու պատրաստակամ դերասաններ չկային. եղած դերասանները հաւաքուած էին Օսմանեան խումբին մէջ, որուն ղեկավարն էր Մարտիրոս Մնակեան եւ ով թոյլ չտուաւ անոնց՝ մասնակցելու Ադամեանի ներկայացումներուն:

Արամ Վրոյր ծանօթ էր Ադամեանի խաղացանկին եւ, թատերախումբին միանալով, կարեւոր բաց մը գոցեց: Ադամեանի շուրջ համախմբուած դերասաններով կ'ամբողջանայ թատերախումբը եւ թատրոնը իւրաքանչիւր ներկայացումի ժամանակ կը լեցուի խուռներամ բազմութեամբ: 1889-ին, Պետրոս Ադամեան, Պետրոս Մաղաքեան եւ Վրոյր, քանի մը այլ դերասաններով կը մեկնին Զմիւռնիա՝ թատերապտոյտի եւ1889-ի ձմրան կը վերադառնան Պոլիս:

Արամ Վրոյր Խասգիւղի մէջ կը կազմէ թատերասէրներու խումբ մը՝ ժողովրդական քանի մը թատերախաղեր ներկայացնելու համար: Առաջին ներկայացումը կ'ըլլայ «Վարժապետ» թատերախաղը, որ գրուած էր Արամ Վրոյրի եւ Յ. Խնդիրեանի գործակցութեամբ:

Վերադառնալով Կովկաս, Արամ Վրոյր կրկին կը բարձրանայ բեմ։ Կը գործակցի բազմաթիւ թատերախումբերու հետ, կը շրջի քաղաքէ քաղաք:

1892-93-ին, կ'այցելէ Պաքու՝ Պոլիսէն ժամանած Ֆէլէկեան քոյրերու եւ դերասան Ալեքսանեանի հետ: Արամ Վրոյրը համար այդ շրջանը կը յատկանշուի զրկանքներով եւ ան Պաքուէն կը հեռանայ պարտքերով:

1895-ի ամառը ան կը թափառի քաղաքէ քաղաք, կ'այցելէ Կովկասի գրեթէ բոլոր հայաբնակ վայրերը ու կը բարձրանայ մինչեւ Խրիմի շրջան: Իր ջանքերով կը յաջողի համբաւ մը շինել՝ իր տեղը ապահովելով լաւագոյն թատերախումբերու մէջ: Ան մասնաւորաբար իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ:

Արամ Վրոյր երկրորդ անգամ Պոլիս կու գայ 1909-ի սկիզբը, Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք, «Մայսուրեան-Սեւումեան» խումբով: Քանի մը ներկայացումէ ետք, Մարտ 31-ին կը պատահի յետադիմական շարժումը եւ կ'ընդհատուի խումբին գործունէութիւնը: Թատերախումբը կ'անցնի Պուլկարիա, իսկ Արամ Վրոյր ժամանակ մը կը մնայ Պոլիս ու տեղական ուժերով կը կազմէ «Հայ Տրամաթիք Դերասանական Ընկերակցութիւն»ը ու Գումգափուի մէջ կը բեմադրէ «Պէպօ»ն, Պոլսոյ ժողովրդախօսակցական լեզուով եւ ի նպաստ Ատանայի աղէտեալներուն:

Արամ Վրոյր քառասուն տարի շարունակ ծառայած է հայ բեմին:

Գրական վաստակ

Խմբագրել

Արամ Վրոյր գրած է Պետրոս Ադամեանի մասին գրքոյկ մը, որուն մէջ պատմած է իր յուշերը: Գրած է նաեւ յօդուածներ եւ թատերախաղեր: 1907-էն սկսեալ հրատարակած է «Յուշարար» պարբերաթերթը, որ նուիրուած էր հայ թատրոնին, իր շուրջ ունենալով աշխատակիցներու հոյլ մը, ինչպէս՝ Լէօ, Գրիգոր Աւետեան, Ամիրան Մանդինեան, Սեւումեան, Պ. Տիրացեան, Էմին Տէր Գրիգորեան, Թորամանեան եւ ուրիշներ: Ան նաեւ գրած է բազմաթիւ թատերախաղեր:

Լուսանկարչական գործունէութիւն

Խմբագրել
 
Անիի աւերակները, լուսանկարչութիւն՝ Արամ Վրոյր

Արամ Վրոյր հայ գեղարուեստին համար կատարած է այլ կարեւոր աշխատանք մը, լուսանկարելով Անիի աւերակները, որոնք այսօր ունին արխիւային ու փաստագրական մեծ կարեւորութիւն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. serials.flib.sci.am/openreader/Tiflis_1940/book/index.html#page/72/mode/2up

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, Հրտրկ. Գէորգ Մելիտինեցի Գրական մրցանակի թիւ 4, էջ 887-892