Արամ Քալանթարեան

Արամ Քալանթարեան (1937, Սուխում, Վրաստան - 30 Մարտ, 2010, Երեւան, ՀՀ), ՀՀ ԳԱԱ անդամ, ակադեմիկոս, հայագիտութեւան եւ հասարակական գիտութիւններու մասնագէտ-ուսուցիչ[1]:

Արամ Աշոտի Քալանթարեան
Պատկեր:Արամ Քալանթարյան.JPG
Ծնած է 1937
Ծննդավայր Վրաստան Սուխում, Վրացական ԽՍՀ
Մահացած է 30 Մարտ, 2010
Քաղաքացիութիւն Հայաստան Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք
Մասնագիտութիւն ակադեմիոյ անդամ
Աշխատավայր Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Հիմնարկ
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1937-ին Սուխում քաղաքին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան հիմնարկին մէջ (1955-1959)։ Արդէն կայանի ուսումնառութեան տարիներուն հետ ձեւաւորուեցաւ անոր գիտական հետաքրքրութիւններու շրջանակը, այն է՝ միջնադարեան Հայաստանի նիւթական մշակոյթի ուսումնասիրութիւնը իր բազմակողմ դրսեւորումներով, իսկ նշանաւոր մայրաքաղաք Դուինը անոր հնագիտական ուսումնասիրութիւնների գլխաւոր ու հիմնական նպատակակէտը դարձաւ, մինչեւ 1977 արշաւախումբի անդամ ելլալով, պէտի տեղակալ, իսկ այնուհետեւ, իր ուսուցիչ, հնագէտ-պատմաբան, մասնագէտ Կարօ Ղաֆադարեանի մահէն ետք՝ արշաւախումբի պետ։ Անոր թեկնածուական եւ մասնագիտական ատենախոօսութիւնները («Դուինի նիւթական մշակոյթը 5-8-րդ դարերուն» - 1966, «Միջնադարեան Դուին քաղաքը» - 1990), շարք մը մենագրութիւններ՝ «Դուին I, Կեդրոնական թաղամասի պեղումները 1964-1970-ններու հաշուետուութիւն-ուսումնասիրութիւնը (1976), «Դուինի վաղմիջնադարեան կնքադրօշմները» (ռուսերէն) մենագրութիւնը (1982), Փարիզի մէջ ֆրանսերէն լեզուով «Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքակրթութիւնը» մատենաշարով լոյս տեսած Դուինի պատմութեանն ու հնագիտութեան նուիրուած «Dvin. Historie et archéologie de la ville médiévale» ստուարածաւալ մենագրութիւնը (1996), նուիրուած են այդ վարչաքաղաքական ու մշակութային կեդրոնի համակողմանի հետազօտութեան։

Պաշտօն

Խմբագրել

1986-ին Արամ Քալանթարեան ղեկավարած է համալսարանի նորակառոյցներու հնագիտութեան բաժինը, որ մեծ աշխատանքներ տարած է Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ՝ յուշարձանները աւերումէ փրկելու եւ բազմակողմանի գիտական ուսումնասիրութիւն կատարելու նկատմամբ։ Անոր գործին մասնակցութեամբ, հանրապետութեան նորակառոյցներուն մէջ պայմանագրային եղանակով կազմակերպուած եւ աշխատած է 40 արշաւախումբ։ 1993-2006-ններուն, Արամ Քալանթարեան համալսարանի տնօրէնի պաշտօնը վարած է եւ իր կազմակերպչական հմուտ ղեկավարման շնորհիւ, հատկապէս երկրի դժուար տարիներուն, համալսարանը կրցաւ գիտական ու անձնակազմներն ու հիմնական ներուժը պահպաել, նոյնիսկ որոշակի յաջողութիւններ արձանագրեց։ Համալսարանը յատուկ ձեռքբերումներ արձանագրեց անոր տնօրէնութեան վերջին տարիներուն։ Արամ Քալանթարեան եղած է համալսարանի գիտական, ինչպէս նաեւ գիտական աստիճաններ շնորհող խորհուրդներու նախագահ։ Անդամ էր նաեւ քանի մը այլ համալսարաններու եւ վարդապետանոցներու գիտական խորհուրդներու, հայագիտութեան գծով թեմաներու փորձագիտական հանձնաժողովի աշխատանքները կը վարէր։

Արամ Քալանթարեան մահացած է 30 մարտ 2010-ին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել