Արեւմտեան ճակատին նորութիւն չկայ (ժապաւէն)

«Արեւմտեան ճակատին նորութիւն չկայ» (անգլերէն՝ All Quiet on the Western Front), ձայնաւոր շարժանկարի դարաշրջանի առաջին դասական եւ հակապատերազմական ժապաւէնը։ Բեմադրիչ՝ Լիուիս Մայլսթոնի, 1930-ականներուն նկարահանուած, Էրիխ Մարիա Ռեմարքի նոյնանուն վէպէն ներշնչուած շարժանկարն մըն է։ Գլխաւոր դերակատարներն են՝ Լիու Այրէս, Լուիզ Ուոլհէիմ, Սլիմ Սամըրվիլ, Ճոն Ուրայ եւ Ռէյմընտ Կրիֆին։ Շարժանկարը արժանացած է երկու Օսքար մրցանակի՝ լաւագոյն ժապաւէ եւ լաւագոյն բեմադրիչ։

Արեւմտեան ճակատին նորութիւն չկայ (ժապաւէն)
Լեզու Անգլերէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն

Նիւթը Խմբագրել

Էրիխ Մարիա Ռեմարքի վէպին հիման վրայ նկարահանուած ժապաւէնը Առաջին աշխարհամարտին գերմանացի երիտասարդ կամաւորներու խումբի մասին է։ Հայրենասէր, լաւատես երիտասարդները դէմ յանդիման կու գան խրամատերու մէջ կեանքի այլանդակութիւններու եւ կը սկսին հասկնալ պատերազմի հետեւանքով կատարուած անիմաստ աւերուածութիւններու չափը։ Երիտասարդներու երազանքները կը քանդուին, իսկ անոնց գաղափարապաշտութիւնը կը «հանգի»։

Վերջին դրուագը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս զինուոր մը սպաննուելէ առաջ ձեռք կը մեկնէ թիթեռնիկին, շարժանկարի պատմութեան ամենավառ ու յիշարժան տեսարաններէն մին է։

1930-էն 1941 բազմաթիւ ժապաւէններէն մէկն էր, որոնք արգիլուած էին Վիքթորիայի եւ Աւստրալիոյ մէջ՝ «խաղաղապաշտութեան» հիմքով[1]։ 1931-ին արգիլուած է նաեւ Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ, որուն արգելքը պաշտօնապէս բարձրացուած է միայն 1980-ականներուն, իսկ Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 1963 թուական[2]։

Պատերազմի ընթացքին շատ մը երկիրներու մէջ արգիլուած այս ժապաւէնի ամենաուժեղ կողմերէն մէկը այն է, որ դիտողները կը սպասեն երջանիկ աւարտի։ Բայց եւ այնպէս, պատերազմի մէջ երջանիկ արդիւնք չկայ։ Հոլիվուտի համար իսկապէս համարձակութիւն կը համարուի նման նիւթով ժապաւէն մը նկարահանել այն ժամանակ։

Բեմադրիչ Լիուիս Մայլսթոն առաջին անգամ օգտագործած է «Crane» մեթոտը՝ արիւնով ողողուած խրամատերու համայնապատկերը նկարելու համար։ Արդիւնքին խրամատային պատերազմի չափազանց իրատեսական դրուագներ ստացուած են։

Տուեալներ՝ ժապաւէնին մասին Խմբագրել

Հակառակ այդ ժամանակ Գերմանիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ չէին, Նազիներ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կանխելու համար շարժանկարի սրահները լեցուցին մուկերով։

Լիու Այրէս այս ժապաւէնի մէջ նկարահանուելէն յետոյ դարձած է աշխոյժ հակապատերազմական մը։ Այս վերաբերմունքը մեծ արձագանգ ստեղծեց, իսկ Այրէսի ժապաւէնները յաճախ չէին ցուցադրուեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Բեմադրիչ Լիուիս Մայլսթոն դիմեց Լոս Անճելոսի մէջ բնակող գերմանացի նախկին զինուորներուն՝ պարզելու համար, թէ արդեօք իրենց օգտագործած ռազմական պաշարները իրականին կը նմանէի՞ն։ Այնքան շատ զինուոր եկաւ նկարահանման հրապարակ, որ Մայլսթոն անոնցմէ շատերը ներառեց դերակատարներու շարքին[3]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Vol. 87 No. 4473 (20 Nov 1965)»։ Trove (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-23 
  2. «Im Westen nichts neues»։ web.archive.org (անգլերէն)։ 2009-02-09։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-09-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-23 
  3. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱԿԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ. «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՃԱԿԱՏԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ»