Արիւնահոսութիւն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յաճախ կը ստանանք վնասուածքներ, որոնց պատճառով կ'ունենանք արիւնահոսութիւն,որ կ'ըլլայ թոյլ, դիւրութեամբ կը դադրի եւ չի պահանջեր բժշկական հոգածութիւն:Բայց երբեմն արիւնահոսութիւնը դադրեցնող հասարակ քայլերը բաւարար չեն եւ տեղեակ չըլլալը նոյնիսկ կրնայ պատճառ դառնալ մահուան: Մարդու մարմինը առանց հետագայ բարդութիւններու կրնայ կորսնցնել մինչեւ 10 տոկոս արիւն:Չաբահաս մարդու մօտ այդ կը կազմէ 350-500 մլ.: Այս ծաւալէն աւելի արեան կորուստը կեանքին վտանք սպառնացող է:
Արտաքին Արիւնահոսութիւն
ԽմբագրելԱրտաքին արիւնահոսութիւնը արեան արտահոսքն է մարմինէն դուրս:Արիւնահոսութիւն ունեցող տուժածը սովորաբար կ'ըլլայ տագնապած,անհանգիստ, իսկ մեծ քանակով արեան կորուստի պարագային ան կ'ըլլայ թոյլ եւ կ'ունենայ գլխապտոյտ: Ենթակային անօթազարկը կ'արագանայ, եւ շնչառութեան դժուարութիւններ կ'ունենայ, մաշկին գոյնն ու վիճակը կը փոխուի, տեսողութիւնը կը մթագնի եւ ծարաւ կը զգայ: Այսպիսի պարագաներուն պէտք չէ մատնուիլ խուճապը եւ դադրեցնելու համար արիւնահոսութիւնը պէտք է ձեռքի ափով սեղմել վէրքը՝ ճնշելով անոր վրայ: Վէրքին վրայ տեղադրեցէք անձեռոցիկ կամ մաքուր կտոր: Կարելի չէ վէրքին վրայէն հեռացնել արեամբ ներծծուած անձեռոցիկը: Վիրակապով ծածկեցէք վէրքը եւ ամրացուցէք ծայրը: Ապա բարձրացուցէք տուժածին վնասուած բաժինը սիրտի մակարդակէն բարձր: Այս մէկը կը նաստէ արիւնահոսութեան նուազեցման: Եթէ արիւնահոսութիւնը կը շարունակուի , ապա այլ անձեռոցիկով մը եւ ճնշումով վէրքը կապեցէք:
Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու նպատակով կարելի է ճնշում գործադրել սեղման կէտերուն, որոնք մարմինի վրայ որոշակի հատուածներ են ,ուր հիմնական սնուցող զարկերակը սեղմելով ոսկորին կարելի է նուազեցնել մարմինի համապատասխան բաժինի արիւնահոսութիւնը: Արիւնահոսութեան դադրեցման ընթացքին ներթափանցումը կանխելու նպատակով խուսափեցէք արեան հետ անմիջակապ շփում է:Գործածեցէք ձեռնոցներ եւ կամ ալ պաշտպանիչ միջոցներ :Եթէ տուժածը ի վիճակ է, վնդրեցէք, որ ինք սեղմ վէրքին վրայ: Եթէ տուժածին արիւնահոսութիւնը չի դադրիր ու արդէն շատ արիւն կորսնցուցած է, ապա հեռաձայնեցէք շտապ օգնութեան կեդրոններ:
Ներքին Արիւնահոսութիւն
ԽմբագրելՆերքին արիւնահոսութիւնը արեան արտահոսքն է մարմինի ներքին տարածութեան մէջ: Ներքին արիւնահոսութիւնը կը յառաջանայ կոտրուածքներու եւ ծանր վնասուածքներու իբրեւ հետեւանք (ինքնաշարժի արկած ... ) եւ կամ ալ որոշ հիւանդութիւններու պատճառով (ստամոքսի խոց , հեմոֆիլիա...): Որովայնի խոռոչին մէջ գտնուող գործարանները (փայծաղը կամ լիարդը) կրնան վնասուիլ իրանին հասած ուժգին հարուածին պատճառով: Ներքին արիւնահոսութեան ժամանակ արեան կորուստի ընդհանուր նշաններուն կողքին ներքին արիւնահոսութեան տեղը ենթական կ'ունենայ ցաւ, հիւսուածքներու պնդացում, այտուցուածութիւն եւ մաշկի գոյնի փոփոխութիւն: Նմանօրինակ պարագայի տուժածը պէտք է պառկեցնել եւ խորհուրդ տալ չշարժիլ: Արիւնահոսութիւնը նուազեցնելու եւ ցաւը մեղմացնելու նպատակով արիւնահոսութեան տեղը դրէք սառով ծածկուած անձեռոցներ: Ենթական կ'ունենայ ծարաւի ուժեղ զգացում, սակայն ներքին արիւնահոսութեան պարագային տուժածին արգիլուած է խմելը կամ ուտելը: Այս պարագային ամէնէն արագ միջոցին պէտք է հեռաձայնէք շտապ օգնութիւն: