Արծուի Վասպուրական (հանդէս)
միամսեայ, ապա՝ երկամսեայ հանդէս
«Արծուի Վասպուրական»ը միամսեայ, ապա՝ երկամսեայ հանդէս։ Ամերիկայի Վասպուրական միութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1940-1945 թուականներուն, Պոսթըն, 1951-1967 թուականներուն՝ Ֆրեզնօ։ Խմբագիրներ՝ Ե. Մկրտիչեան, Ա. Հիւսեան, Մ. Տէր Մարկոսեան, Ա. Աւետեան։
Արծուի Վասպուրական | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Հիմնադրուած է | 1940 |
Հրատարակման վայր | Պոսթըն, Ֆրեզնօ |
Տպագրած է յօդուածներ Վասպուրականի պատմութեան, աշխարհագրութեան, կենցաղին, կրթական կեանքին վերաբերեալ։ «Գրական մշակներ» բաժինին մէջ ներկայացուցած է Վասպուրականի մշակութային եւ գրական գործիչները, առանձին ստեղծագործութիւններ հրատարակախ է Վանի բարբառով։
Հանդէսին աշխատակցած են Գարեգին Յովսեփէանը, Տիգրան Չիթունին, Կարապետ Սիտալը եւ ուրիշներ։