Արշակ Ագապեան (20 Մայիս 1860, Լալի գիւղ[1] (այժմ՝ Վազաշէն՝ ՀՀ Տաւուշի մարզ) - 10 Հոկտեմբեր 1905)՝ հայ գիւղագիր, մանկավարժ, հրապարակախօս։

Զաքաթալայի հայկական Սուրբ Գէորգ (1851 թ.) եկեղեցւոյ աւերակները

Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է իր քահանայ հօր մօտ, իսկ անոր մահէն ետք այլ քահանաներու մօտ։ Այնուհետեւ կ'երթայ Տփխիս (Թիֆլիս) եւ 1869-էն սկսեալ կ'ուսանի ծխական ուսումնարանին մէջ, իսկ 1870-1875-ին Ներսէսեան վարժարանին մէջ, ուրկէ կ'արձակուի իբրեւեւ աղմկարար։ Էֆէնճեանի գրախանութին մէջ ծառայելէ ետք 1876-1882 Գետաշէնի, Զաքաթալայի եւ Նուխայի մէջ ուսուցչութիւն կ'ընէ։ Այնուհետեւ կը մտնէ Տփխիսի (Թիֆլիս) Աղէքսանդրեան ուսուցչական ուսումնարանը, ուր 1886-ին ուսումն աւարտած կ'երթայ Մողդոկ ուսուցչի պաշտօնով։ 1889-էն 1896 Ախալքալաքի մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք գիւղը կը քաշուի։ 1901 թուականէն կը ծառայէ Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ։ Առաջին բանասիրականը տպուած է «Մեղու Հայաստան»-ի լրագիրի մէջ 1881-ին։ Այդ օրէն կը սկսի գրել ե՛ւ «Մեղու»-ի ե՛ւ «Նոր-Դար»-ի մէջ՝ տալու յօդուածներ եւ պատկերներ գիւղական կեանքէն։

Առանձին գիրքով լոյս տեսած են.

  • «Բնախօսութիւն» (1881)
  • «Մուսինի Գանգատը» (1890)

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Baghdasaryan Aram։ «AV Production - Արշակ Ագապեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-12-05-ին։ արտագրուած է՝ 2018-02-21