Արշարունիք՝ գաւառ Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի, հինէն յայտնի էր նաեւ Երասխաձոր անունով։ Սկզբնապէս կը պատկանէր Արշակունիներու արքունական տան, սակայն յետագային կը տրուի Արշակունիներու տան ճիւղերէն մէկուն՝ Կամսարական նախարարական տան։ կ'ենթադրուի, որ իր անունը ստացած է գաւառի առաջին տիրակալ՝ Արշաւիր Կամսարականի անունէն։ Գաւառը կը տարածուէր Երասխ եւ Ախուրեան գետերու կազմած արեւմտեան անկիւնին մէջ։ Արշարունիքի մէջ կը գտնուէին Կաղզուանի յայտնի աղահանքերը։

Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի բազմաթիւ այլ նախարարական տուներու հետ միասին աստիճանաբար իրենց քաղաքական ազդեցութիւնը կը կորսնցնէին եւ Կամսարականները։ 8-րդ դարու վերջը Կամսարականները Շիրակի եւ Արշարունիքի իրենց կալուածները դրամով կը վաճառեն Բագրատունիներուն։ Արշարունիքը առանձնապէս կարեւոր դեր խաղցած է Բագրատունիներու թագաւորութեան շրջանին։

Գաւառի առաւել նշանաւոր պատմական վայրերն են՝ Երուանդաշատ, Երուանդակերտ, Բագարան քաղաքները եւ Արտագերս ամրոցը։[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Թ. Խ. Հակոբյան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրություն, Երեւան, «Միտք», 1968, էջ 130-131։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։