Արսէն-Նուպար Մամուրեան

Արմէն-Նուպար Մամուրեան (1941, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս

Արսէն-Նուպար Մամուրեան
Ծնած է 1941
Ծննդավայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Եգիպտոսի տեղւոյն Համալսարանին Քիմիաբանութեան ճիւղէն վկայուած է, Գիտութեան Պսակաւորի տիտղոսով։ Պաշտօնավարած է Աղեքսանտրիոյ Պօղոսեան ազգ. Վարժարանին մէջ, դասաւանդելով՝ գիտութիւն եւ ուսողութիւն բարձրագոյն կարգերուն։

Մոնրէալ հաստատուելէ ետք երկար տարիներ պաշտօնավարած է քաղաքին մետաղագործական ճարտարարուեստի մեծագոյն հաստատութիւններէն մէկուն մէջ։ Հետեւած է Մոնրէալի Գոնգորիա Համալսարանի գրական ճիւղի դասընթացքներուն եւ արժանացած՝ Պսակաւոր Արուեստի տիտղոսին, ստեղծագործական գրականութեան մէջ։

1975-ին խումբ մը համախոհներու հետ, հիմնադիրներէն եղած է Մոնրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Ապագայ» շաբաթաթերթին, որուն խմբագրութիւնը վարած է սկզբնական տարիներուն սիրայօժար կերպով, աշխատանքի ժամերէն դուրս։ 1985-ին ամբողջապէս նուիրուած է հրապարակագրութեան եւ գրականութեան, ստանձնելով «Ապագայ»ի խմբագրութիւնը:

Համայնքային բեղուն գործունէութիւն ունեցած է կանուխէն, սկսեալ Աղեքսանդրիայէն, որպէս վարչական անդամ՝ Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութեան Ուսանողական Մարմնին:

Ցուցաբերած է նաեւ բեմական կարողութիւններ, արտասանութիւններով յայտնի է եւ դերեր ստանձնած է թատերախումբերու մէջ։ Իր գործունէութիւնը այդ բնագաւառներուն մէջ շարունակուած է նաեւ Մոնրէալ, գործօն մասնակցութիւն բերելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Մոնրէալի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, ու Թ.Մ.Մ. «Հայ Բեմ» թատերախումբին:

Գրած է պատմուածքներ, որոնք լոյս տեսած են Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի գրական-գեղարուեստական էջերուն մէջ։ Հրատարակած է ՌԱԿ-ի Ազգանուէր Ծառայութեան 60 տարիները գրքոյկը։ Իսկ Տոքթ. Յակոբ Խաչիկեանի հետ գործակցաբար անգլերէնի թարգմանած է բանաստեղծ Զարեհ խրախունիի քերթուածներէն հատընտիր մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։