Արտաշէս Սօլաքեան

Արտաշէս Սօլաքեան (Վան - 1915), թատերագիր:

Արտաշէս Սօլաքեան
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մասնագիտութիւն թատերագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

1901-ին Երամեանէ ընթացաւարտ՝ կը պարապի ուսուցչութեամբ եւ 1908-ին կը կազմակերպէ ծննդավայրին թատրոնը, բեմադրելով իր հեղինակած Ընտանիքը, նաեւ ուրիշ թատրերգութիւններ: Բացի պոլսահայ թերթերու իր աշխատակցութենէն՝ 1906-ին կը հրատարակէ Ասուպ խմորատիպ հանդէսը, յետոյ Կոչնակը որուն կը միանայ Բրուտեան.- Ինք եւ ստորեւ նշանակուած 4 ընկերները տեղւոյն Հնչծ կուսակցութեան վարիչներն էին, որոնք՝ հակառակ Քէօսթէնճէի ծանօթ ժողովին համամիտ չըլլալուն՝ մինչեւ ապստամբութեան որը (4/17 Ապրիլ 1915) բանտը կը մնան եւ հոն կ'սպաննուին ճէվտէթի հրամանով, մինչ անդին կը շարունակուէր համակուսակցական եւ համաժողովրդական հերոսամարտը, Դաշնակցականներու ղեկավարութեամբ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յուշարձան Տսնըմէկ Ապրիլ 1919, էջ 54